Օրացոյցը, ժամացոյցը եւ հանգրուանները
Մարդ թէեւ կը ձգտի ամէն ինչը տեսնել իր ամբողջութեան մէջ, սակայն, յաճախ կը նախընտրէ ընկալել մաս առ մաս, բաժին-բաժին: Այդ ամբողջը փուլերու կամ հատուածներու վերածելը մէկ կողմէ տրամաբանութիւն մըն է, իսկ միւս կողմէ գործնականութիւն: Անշուշտ, այս ամէն ինչը կ՚առընչուի նաեւ դիւրութիւն ըսուածին հետ՝ քանի մարդկային փիլիսոփայութիւնը կը հասնի նաեւ այնտեղ: Մարդ միշտ հակուած է՝ հարթ ընթացք ունենալու աշխարհի վրայ:
Ըստ էութեան, կեանքի նկատմամբ մարդու վերաբերմունքն ալ նոյնն է. բուն նպատական է հարթ կեանք մը ունենալ: Աշխարհի երեւոյթները միշտ կ՚ըլլան ժամանակաւոր՝ ի՛նչ կամ ի՛նչպիսի ամբողջ մըն ալ կազմեն: Մարդկային կեանքն ալ ժամանակաւոր է, սակայն, մնացեալ ամէն ինչի բաղդատմամբ աւելի տարբեր ամբողջ մը կը կազմէ: Մարդ այդ մէկը որքան որ ալ պատկերացնէ՝ որպէս ամբողջ մը, միանշանակ, չի կրնար տեսնել իր ամբողջութեան մէջ: Կեանքի ամբողջը պատկերացնելու համար պէտք է տեսնել անոր վախճանը, որ մահն է: Առանց մահանալու՝ մարդ չի՛ կրնար տեսնել կեանքի ամբողջը: Ուրիշներու մահուան ականատես ըլլալը չի՛ բաւեր: Իւրաքանչիւր ենթակայ սեփական փորձառութեամբ կամ վախճանով կրնայ ամբողջացնել այդ պատկերացումը կամ ի կատար ածել կեանքի ընկալումը:
Մարդ արարածը այնքան եսապաշտ ու եսակեդրոն կ՚ապրի, որ դժուար թէ երեւակայէ կեանք վախճանը՝ որքան որ ալ կեանքի վարկածներն ու հաւանականութիւնները ըլլան քիչ թէ շատ կանխատեսելի: Թէեւ խօսակցութեան մէջ մարդ միշտ կ՚ըսէ, որ մահականացու է, սակայն, ըսածն ու ըրածը այս պարագային ալ չեն համընկնիր՝ ինչպէս շատ յաճախ: Մարդ կը ստէ նախ ինքն իրեն՝ քաջ գիտնալով, թէ ինքզինք չի կրնար խաբել, բայց կը փորձէ ակամայ: Յոյսն ու բարձր տրամադրութիւնը, պարզապէս, կը սահմանեն այն պահերը, երբ մարդ ժամանակաւոր կը կտրուի՝ վախճանի անխուսափելիութեան գիտակցութենէն կամ ենթագիտակցութենէն:
Հանելուկային այս բաժինը հնարաւոր է տարանջատել այն իրողութենէն, թէ մարդ ո՛չ միայն ստախօս է, նաեւ ագահ. երբեք չի՛ գոհանար իր ունեցածով: Տարբեր բան է սահմանափակում չսիրել եւ, բնականաբար, բոլորովին տարբեր բան է՝ ոչինչով բաւարարուիլը: Երբեմն մարդ նոյնիսկ սահմանափակում յանձն կ՚առնէ՝ աւելիին տիրանալու համար: Սահմանափակման մերժումը ազատութեան կիրքն է, իսկ ագահութիւնն ու մնացեալները անսանձելի մսխման բնազդը, որ կը մատնէ մարդու տկարութիւնը եւ կը մերկացնէ ենթագիտակցութիւնը, թէ անզօր է պայքարելու վախճանին դէմ: Մարդ թէ՛ չ՚ուզեր, որ վախճանը շուտ հասնի եւ թէ կ՚ուզէ գիտնալ, որ ե՞րբ պիտի հասնի:
Հակասութիւններու եւ անորոշութիւններու հանգրուանումն ալ անհրաժեշտ է՝ զանոնք հնարաւորինս տանելի եւ կառավարելի դարձնելու համար: Հանգրուանումներու հիմնական խորհրդանշանը օրացոյցն է: Կան օրացոյցներ, որոնք մէ՛կ անգամէն ամբողջ տարին ցոյց կու տան, ոմանք ամիսները, ոմանք շաբաթները եւ, ի վերջոյ, ոմանք ալ միայն օրերը: Օրացոյցի լծակիցն ալ ժամացոյցն է. տարբեր հարց: Այդ բոլորը կեանքի զանազան փուլերն են, որոնք յաչս մարդուն ձեւով մը կը պատնեշեն վախճանը: Այդ հանգրուանները մարդու դիմադրունակութեան փորձաքարերը ըլլային կարծես: Չկայ որեւէ բան, որ մարդու մը ցոյց կրնայ տալ իր կեանքը ամբողջականութեան մէջ՝ ժամկէտի յստակ սահմանումով:
Ապագան մարդուս անհանգստութիւն կը պատճառէ՝ վախճանի ռիսքերուն բերումով: Անցեալը յաչս մարդուն յաղթահարուած վախճանի ռիսքն է: Եւ այսքան պարզ ու չոր է իրականութիւնը, խորքին մէջ, սակայն, հանգրուանները կը հասնին օգնութեան, հոգեվիճակ կը փոխեն եւ հանգիստ շունչ մը կը պարգեւեն՝ ինչ որ ալ ըլլայ: Հանգրուանները կ՚իմաստաւորուին ապրումներով, բարեկամութիւններով, փորձառութիւններով, ներշնչանքով եւ ատեն-ատեն ալ վկայութիւններով։
Ուրեմն, շնորհաւոր Ամանոր…
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ