JAF-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Ֆրանսայի հայ երիտասարդութիւն» (JAF) ընկերակցութեան Մարսէյլի մասնաճիւղէն անդամներ՝ գլխաւորութեամբ Փասքալ Շամասեանի եւ Լուսինէ Մելիքեանի։
Հիւրերը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին այս ընկերակցութեան կողմէ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած մշակութային, կրթական եւ ընկերային ծրագրերը։ Անոնք կարեւորեցին երիտասարդ հայորդիներուն՝ Հայաստանի առկայ իրավիճակին մօտէն ծանօթացնելու հնարաւորութիւնը։
Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը գնահատեց ընկերակցութեան վարչայինները, ուսուցիչներն ու ղեկավարները՝ հայ երիտասարդութիւնը համախմբելու ուղղեալ դրուատալի ծառայութեան համար։ Ան վերյիշեց այս ընկերակցութեան տուած իր այցելութիւնը եւ այն կարեւոր ջանքերը, որոնք կը գործադրուին նոր սերունդին հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան ապահովման ուղղութեամբ։
Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, թէ երիտասարդները հայրենասիրական զգացումներու նոր լիցքով քաջալերուած՝ վերադառնալով իրենց երկիրը առաւել եւս նախանձախնդրութեամբ պիտի շարունակեն նպաստել Մարսէյլի հայութեան զօրացման ու յառաջընթացին։ Հուսկ, ան երիտասարդներուն յորդորեց նաեւ ըլլալ ազգի արժանաւոր զաւակներ, սիրել Հայաստանն ու Հայ Եկեղեցին, որպէսզի կարողանան պահպանել իրենց ազգային ինքնութիւնը։
ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ ընդունեց Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2022-2023 ուսումնական տարուան շրջանաւարտները։ Ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութիւնը տուաւ ճեմարանի վերջին հունձքի երիտասարդներուն։ Նորին Սրբութեան տնօրինութեամբ անոնք նշանակուեցան զանազան պաշտօններու։