Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
ԿԻՒՄՐԻԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց Շիրակի թեմէն մեկնած ուխտաւորներ։ Մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ Նորին Սրբութիւնը մէկտեղուեցաւ Կիւմրիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ուխտաւորներուն հետ՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Վարուժան Քհնյ. Տէրտէրեանի։
Նորին Սրբութիւնը ջերմօրէն ողջունեց ուխտաւորները եւ ընդգծեց, որ «Կիւմրի» անուան արտաբերումը առանձնակի ջերմութիւն կը յառաջացնէ իւրաքանչիւր հայորդիի սրտին մէջ, որովհետեւ այս քաղաքը կը հանդիսանայ այն կեդրոնը, ուր կը պահպանուի եւ կը փոխանցուի հայազգի հոգեւոր-մշակութային դիմագիծը։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018