ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը դեսպանին բարեմաղթութիւններ ըրաւ, որպէսզի արդիւնաւոր առաքելութիւն ունենայ Հայաստանի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ հայ-ֆրանսական ջերմ յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամական կապերու խորացման գործին մէջ իր ներդրումը ունի նաեւ ֆրանսահայ համայնքը։

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ տարածաշրջանէն ներս ստեղծուած ծանր կացութեան եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ֆրանսայի իշխանութիւններուն՝ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման առաջադրութեամբ ցուցաբերուած աջակցութեան եւ գործակցութեան համար։

Իր կարգին, նորանշանակ դեսպանը հաստատեց, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ զանազան ոլորտներու մէջ բազմակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանին եւ ջանքեր գործադրել Արցախին մարդասիրական օգնութիւն եւ անվտանգային երաշխիքներ տրամադրելու ուղղութեամբ։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի պետ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Եսայի Քհնյ. Արթենեան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2023