Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՆ
Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին առթիւ Հռոմի մէջ նախատեսուած ձեռնարկները յետաձգուեցան անորոշ ժամանակով։ «Աստուածային շնորհաց հայոց առաքեալ» կարգախօսով մշակուած ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուէր Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու համատեղ նախաձեռնութեամբ, օրհնութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքին։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի գրասենեակը երէկ տեղեկացուց, որ 30 նոյեմբեր-2 դեկտեմբեր թուականներուն Հռոմի մէջ ծրագրուած միջեկեղեցական ձեռնարկները յետաձգուած են՝ նկատի ունենալով 19 սեպտեմբեր 2023-էն սկսեալ Ատրպէյճանի ռազմական արարքներն ու Արցախի հայաթափումը։
«Կ՚աղօթենք, որ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի բարեխօսութեամբ Աստուած զօրացնէ մեր ազգի բոլոր զաւակները յաղթահարելու մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրները, որպէսզի Արցախէն բռնի տեղահանուած ու Հայաստան ապաստանած մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելը վերածենք համահայկական զօրաշարժի (…)», նշուած է համապատասխան պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ։
Եկեղեցական
- 01/16/2025
- 01/16/2025