ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին յիշատակեց Սուրբ Թարգմանիչները։ Քաղաքիս մէջ ալ տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Կարիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Օրուան քարոզը խօսեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ շարք մը հոգեւոր հայրեր։ Երգեցողութիւնները առաջնորդեց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան հայ գրի ու գրականութեան, ինչպէս նաեւ կրթութեան մշակներ, որոնց վաստակը կը վերարժեւորուի ժամանակներու մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2024