ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմէն ներս այս տարի կը նշուի եզակի յոբելեան մը։ Այսպէս, Լոնտոնի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կառուցման 100-ամեակն է եւ այս յոբելեանի արժեւորման համար կեանքի կը կոչուի ծրագիր մը։ Յոբելենական կարգադիր յանձնախումբ մը գործի լծուած է թեմէն ներս՝ ձեռնարկները կազմակերպելու առաջադրութեամբ։

Կը հաղորդուի, որ ներկայ ամսուան սկիզբէն ի վեր արդէն յոբելենական ծրագրին որոշ փուլերը տեղի ունեցած են ոգեւոր մթնոլորտի մէջ։ Այսպէս, Լոնտոնի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ երդիքին տակ երաժշտահանդէս մը տուած է աշխարհահռչակ «Չիլինկիրեան» քառեակը։ Բոլոր մասնակիցներուն վրայ իսկապէս խոր տպաւորութիւն գործած է այս ձեռնարկը։

Բաց աստի, յոբելեանին առթիւ Անգլիոյ թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեանի ձեռամբ մատուցուած է գոհաբանական մեծահանդէս Ս. Պատարագ։

Յոբելենական այս ձեռնարկներուն մասնակցութիւն բերած են Անգլիոյ արքունիքէն ներկայացուցիչներ, Լորտերու պալատէն յայտնի դէմքեր, Անկլիքան եկեղեցիէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։ Արարողութիւններուն ներկայ գտնուած է նաեւ Լոնտոնի մօտ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան։ Ի լրումն այս բոլորին, ազգային բարերար բարեյիշատակ Կիւլպէնկեան գերդաստանի շառաւիղներն ալ ներկայ եղած են յոբելեանին։

Հարկ է նշել, որ Լոնտոնի Ս. Սարգիս եկեղեցին հիմնուած է 1922-23 թուականներուն՝ հոգելոյս ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի նուիրատուութեամբ՝ ի յիշատակ իր ծնողաց։ Եկեղեցւոյ ճարտարապետն է Արթըր Տէյվիս։ Ս. Սարգիսը Անգլիոյ մէջ հայկական միակ եկեղեցին է, որ կառուցուած է հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան հիմքով՝ ներշնչուած 13-րդ դարու Հաղբատի վանքէն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2023