Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս երէկ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնը։ Արարողութիւններուն նախագահեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան։ Անցեալ ամառ անցուցած ինքնաշարժի արկածէն վերջ առաջնորդ հայր սուրբը երկարատեւ դարմանման գործընթաց մը ունեցած էր։ Յետապաքինման ան երկար ժամանակ վերջ նախագահեց եկեղեցական արարողութեան մը եւ այդ մէկը զուգադիպեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին։

Երէկուան Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ Նիւ Եորքի շրջանի Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Նիւ Եորքի շրջանի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Արբահամ Քհնյ. Մալխասեան։ Ներկայ էր նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն կը գտնուի Արեւելեան թեմէն ներս։ Արարողութեան մասնակցութիւն բերին Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի շրջանի, ինչպէս նաեւ Միջին Ատլանտեան տարածքի սպասաւոր հոգեւոր հայրերը։ Ս. Պատարագի ընթացքին քարոզեց Տ. Տիրան Քհնյ. Պոհաճեան։

Արձակման փուլին, վերջին աղօթքէն առաջ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանն ալ փոխանցեց իր պատգամը հոգեւոր հայրերուն եւ հաւատացեալներուն։ Կրօնական արարողութիւններուն յաջորդեց եկեղեցւոյ սրահին մէջ՝ տիկնանց յանձնախումբին կողմէ սարքուած ընդունելութիւնը։

Սիրոյ սեղանէն վերջ տեղի ունեցաւ նաեւ հոգեւորականաց հաւաք մը, որու ընթացքին քննարկուեցան թեմական կեանքին վերաբերեալ զանազան նիւթեր եւ ծրագրեր։

Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առթիւ, Արեւելեան թեմէն ներս սուրբ պատարագներ մատուցուեցան նաեւ Փրովիտընսի Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ, Միլուաքիի Ս. Յովհաննէս Կարապետ եւ Տիթրոյթի Ս. Յովհաննէս եկեղեցիներուն մէջ։

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան ժամերուն, Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Առաջնորդանիստ Մայր տաճարին մէջ ալ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւն մը, որուն եւս նախագահեց Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2023