ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նշեց Տեառնընդառաջի տօնը։ Ամէն տարի, փետրուարի 14-ին, քառասնօրեայ մանուկ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման յիշատակը կը տօնախմբուի Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Տեառնընդառաջի տօնին առթիւ երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան։

Հարկ է նշել, որ Վեհափառ Հայրապետը Տեառնընդառաջի տօնը հռչակած է նաեւ նորապսակ զոյգերու օրհնութեան օր։ Այս առթիւ, երէկուան Ս. Պատարագէն վերջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ նորապսակ զոյգերու օրհնութեան կարգ։

Եկեղեցւոյ արարողութիւններէն վերջ, Նորին Սրբութիւնը Վեհարանի երդիքին տակ հիւրընկալեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներէն ներս սպասարկող նորապսակ սարկաւագները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը երիտասարդ զոյգերուն մաղթեց երջանկութիւն եւ յորդորեց, որ ըլլան զիրար սիրող ու կարեկից եւ աստուածային խաղաղութիւնն ու սէրը մշտապէս անպակաս ընեն իրենց նորակազմ ընտանիքներէն ներս։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2023