ՄԻՋԻՆՔ

Մեծ Պահքի 24-րդ օրն է:

Ժողովուրդը այս օրը կոչած է Միջինք կամ Միջնոց պահոց:

Եկեղեցական-ծիսական առումով այս օրը մասնաւոր կամ յատուկ տարբերութիւն մը չունի Մեծ պահքի միւս օրերէն: Այս օրը պարզապէս առիթ մըն է պահեցողներուն համար, որպէսզի վերաթարմանան, վերասպառազինուին, ուժ ստանան եւ պահեցողութեան մնացած շրջանը Սուրբ Հոգիով զօրացած շարունակեն, որպէսզի արժանի ըլլան տեսնելու, զգալու ու վայելելու Տէր Յիսուսի Հրաշափառ Յարութեան Լոյսը, արժանի ըլլան լուսաւորուելու այդ լոյսով, լուսաւորելու իրենց շրջապատը եւ այդ Քրիստոս-Լոյսով լուսաւորուած շարունակեն պանդխտութեան իրենց տարիները:

Ոմանց մօտ կայ այն հասկացողութիւնը, թէ այս օրը տօնական յատկութիւն ունի, որով պահեցողները կրնան այդ օր ուտիքի ճաշեր՝ ոչ պահքային ճաշակել, ինչ որ սխալ է եւ անտրամաբանական: Վերը շեշտեցինք, որ այս օրը ո՛չ մէկ բանով կը տարբերի միւս օրերէն, ընդհակառակը, առիթ մըն է ա՛լ աւելի զօրացած շարունակելու պահեցողութեան ճանապարհորդութիւնը:

Շատեր վերը յիշած հասկացողութիւնը ունենալով այս օրը վերածած են կերուխումի: Այդ հասկացողութիւնը ունեցողները երկու խումբի կը բաժնուին. մէկ խումբը իրենց թոյլ կու տայ ո՛չ պահքային ուտելիքներ ուտել, երգել ու պարել, իսկ միւս խումբը՝ պահքը կը շարունակէ պահել, սակայն, երգ ու պարով կը զուարճանան, կ՚ուրախանան, եւ այլն: Օրինակ, սփիւռքի մէջ սովորութիւն կայ Միջինքի օրը տան մը նոր հարսնացուին համար հաւաք կազմակերպել, ու այդ հաւաքի ժամանակ ամէն տեսակի արտառոցութեան կարելի է հանդիպիլ:

Դարձեալ կը կրկնենք, Միջինքը, աւելի ճիշդ Մեծ պահքի 24-րդ օրը կերուխումի, պահքը բանալու առիթ չէ, ընդհակառակը, հոգեւորապէս ա՛լ աւելի զօրանալու առիթ է, որպէսզի զօրացած ու ամրացած կերպով շարունակուի ընթացքը, հասնելու համար Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան: Մարդկային ու տեղական սովորութիւններու պատճառով չզրկուինք երկնային քաղցրութենէն: Աւելի լաւ է պահք չպահել, քան թէ պահքի 24-րդ օրը կամ ցանկացած ուրիշ օր արտառոցութիւններով աղաւաղենք պահքի ընթացքը:

Չմոռնա՛նք նաեւ, թէ Մեծ պահքի ընթացքը ո՛չ թէ մարմնապէս սնուելու եւ զօրանալու համար, այլ՝ հոգեւորապէս սնուելու, աճելու, ամրանալու ու զօրանալու առիթ է, եւ պէտք է լաւագոյնս օգտագործենք այս առիթը վերաթարմանալու համար:

Աւարտենք Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետին Մեծ պահքի մասին մի քանի մտածումներով.

- Պահքը հոգիի սնունդ է: Ինչպէս մարմնաւոր կերակուրը մարմինը կը պարարտացնէ, այդպէս ալ պահքը կ՚ամրացնէ հոգին, թեթեւ թռիչքի հաղորդ կ՚ընէ զայն, ընդունակ կը դարձնէ վեր բարձրանալու եւ երկնայինը խորհելու՝ այս կեանքի հաճոյքներէն ու քաղցրութիւններէն վեր բարձրացնելով:

- Ի՜նչ անմտութիւն կ՚ըլլար կայունը անկայունին հետ փոխել, յաւիտենականը՝ ժամանակաւորին, մշտապէս եղողը՝ վաղանցուկին, հանդերձեալին մեծ ուրախութիւններու Արժանացնողը անոր հետ, ով մեզի համար ահաւոր տանջանքներ կը պատրաստէ: Այս բոլորին մասին խորհելով, սիրելիներ, եւ մեր փրկութեան համար դողալով, արհամարհենք անպտուղ ու կործանարար զուարճանքները, պահքը եւ ամէն տեսակի այլ առաքինութիւնները սիրենք, ու շտապենք ամէն օր բարիք գործելու, որպէսզի քառասնօրեայ Սուրբ Պահքի ընթացքին հոգեւոր գնումներ կատարենք՝ առաքինի գործերէն մեծ հարստութիւն հաւաքելով:

Իսկ երբ քառասնօրեայ Սուրբ Պահքի աւարտին մօտենանք՝ պահոց նաւարկութիւնը աւարտելով, ու Աստուծոյ ողորմութեամբ ի վերջոյ հասնինք խաղաղ նաւահանգիստին, այն ատեն պէտք չէ, որ անհոգութեան տրուինք, այլ՝ աւելի մեծ ջանք ու զգօնութիւն ցուցաբերենք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

7 մարտ 2023, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2023