ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Վրաստանի նորանշանակ դեսպան Կիորկի Շարվաշիծէն։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նորանշանակ դեսպանին մաղթեց արդիւնաւէտ առաքելութիւն՝ ի նպաստ հայ եւ վրաց ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան առաւել զօրացման։

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան հիմքին նաեւ քրիստոնէական արժէքները կը գտնուին եւ անոնց շնորհիւ հայ եւ վրաց ժողովուրդները պահպանած են իրենց գոյութիւնն ու ինքնութիւնը։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ եղբայրական ժողովուրդները իրենց լաւատեսութեան ոգիին եւ զօրեղ հաւատքին միջոցաւ կը յաղթահարեն առկայ մարտահրաւէրներն ու փորձութիւնները։ Հանդիպման տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Վրաստանի հայ համայնքի կարեւոր ներդրումին՝ երկրի յառաջընթացին ուղղութեամբ։

Իր կարգին, դեսպան Կիորկի Շարվաշիծէ Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց համայն Վրաստանի Իլիա Բ. Կաթողիկոս-պատրիարքի ողջոյնները։ Ան հաւաստիացուց, թէ ջանքեր պիտի գործադրէ Հայաստան-Վրաստան կապերու առաւել զարգացման ուղղութեամբ։ Դեսպանը կարեւորեց նաեւ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2023