Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր համախմբուած էին հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Նորին սրբազնութիւնը խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։

Արեւագալի արարողութեան եւ յաջորդած Խաչահանգիստին ներկայ էին Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան, Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու, Յովսէփ Սրկ. Գույումճեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ ուխտաւոր դպիրներ։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան օրուան քարոզին մէջ կանգ առաւ մեծամտութեան վրայ՝ որպէս հոգեւոր ախտ։ Ան բացատրեց, որ այդ հոգեւոր ախտով վարակուած էին նոյնիսկ առաքեալները։ «Երբ Քրիստոս նկատեց այս բանը, իր հրաժեշտէն առաջ անմիջապէս միջամտեց եւ բոլորին յորդորեց խոնարհ ըլլալ, որովհետեւ մեծութիւնը խոնարհութեան ծառայութեան մէջ է», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը։ Հուսկ, ան ներկայ հաւատացեալներուն յորդորներ ըրաւ Մեծ պահոց շրջանի հոգեւոր ապրումներուն եւ խոկումի որոնումներուն կապակցութեամբ եւ մօտալուտ Ս. Զատկուան պատրաստութեան տեսակէտէ խրատներուն ի շարունակութիւն արտայայտեց բարեմաղթանքներ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահին մէջ սարքեց սիրոյ սեղան մը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, տէր հայրը եւ հաւատացեալները պահքի սեղանին շուրջ ունեցան մտերմիկ զրոյց եւ իրարու հետ բաժնեցին Մեծ պահոց շրջանի բնորոշ զգացումները։

Ուրբաթ, Մարտ 15, 2024