ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն ներս կը շարունակուին վերջերս օրակարգի վրայ եկած մանկապղծութեան գայթակղեցուցիչ պնդումներուն վերաբերեալ ներքին քննութիւնները։ «News.am» կայքէջի հաղորդումներով, այս քննութիւնը կ՚երկարի, որովհետեւ նոր նիւթեր յայտնաբերուած են։
Մանկապղծութեան խնդիրները օրակարգի վրայ բերած Հրայր Եզէկեան ներկայիս դիմած է դատարան։ Պատրիարքարանի մամուլի դիւանէն տեղեկացուցին, թէ ստեղծուած յանձնախումբը ներկայիս կը շարունակէ քննութիւնը։ Պարբերաբար կը յայտնաբերուին նոր նիւթեր։ Շուրջ ամիս մը առաջ Հրայր Եզէկեան դիմած էր դատարան՝ պնդելով, որ Պատրիարքարանը կ՚արգիլէ իր վանք մուտք գործելը։ Իսկ Պատրիարքարանը դատարանին տեղեկացուցած է, թէ նման արգելք մը գոյութիւն չունի եւ Հրայր Եզէկեան կրնայ հանգիստ մուտք գործել վանք։
Վերոյիշեալ հրապարակումներուն եւ պնդումներուն շուրջ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը տակաւին պաշտօնական դիրքորոշում մը չէ արտայայտած։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մամլոյ դիւանն ալ տեղեկացուց, թէ իրենք նոյնպէս դիմած են Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան՝ պարզաբանում մը ունենալու համար։ Այդ պատասխանը ստանալէ վերջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ։