ԲՈՒՌՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄ

Վերջին օրերուն Պաքուի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ «Ռազմաւարի զբօսայգին»։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ կատարուեցաւ բացման արարողութիւնը։ Այս զբօսայգին բացուած է Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ։ Այցելուները ականատես կ՚ըլլան իսկապէս անհաւատալի դրուագներու, որոնք չափազանց վիրաւորական են հայկական կողմին տեսակէտէ։ Հանդուրժելի եւ ընդունելի սահմաններէ դուրս ծայրայեղութեան մը դրսեւորումը կը համարուի այս զբօսայգին, որու բացումէն ի վեր Հայաստանի հանրային կարծիքի գրեթէ բոլոր շերտերը ցասումով կ՚արտայայտուին այս կապակցութեամբ։ Այնտեղ ցոլացած մտայնութիւնը երէկ դատապարտուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ երէկ կատարուած յայտարարութեան բնագիրը։

*

Հայատեացութեան հերթական դրսեւորումն էր օրերս Պաքուի մէջ բացուած, այսպէս կոչուած, «Ռազմաւարի զբօսայգին»՝ հայ զինուորականները եւ ռազմագերիները պատկերող անմարդկային, նուաստացուցիչ տեսարաններով։

Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ իրականացնել ազգամիջեան թշնամանքի հրահրման իր քաղաքականութիւնը՝ անտեսելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի հիմնարար չափանիշները։ Այսօր Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ կը շարունակուին նեղութիւններու եւ չարչարանքներու ենթարկուիլ գերեվարուած մեր զաւակները, կը տառապին հազարաւոր տեղահանեալ եւ ունեզրկուած ընտանիքներ, իսկ գրաւուած կամ յանձնուած Արցախի տարածքներէն ներս չեն դադրիր վայրագութիւնները մեր հազարամեայ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան դէմ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, դատապարտելով յետպատերազմեան շրջանին Ատրպէյճանի հակամարդկային եւ հակաբարոյական գործողութիւնները, կոչ կ՚ուղղէ միջազգային հանրութեան, պետական կազմակերպութիւններուն ու կառոյցներուն՝ պատշաճ գնահատականի արժանացնել մարդու իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարման, ազգի արժանապատուութեան վիրաւորման այս երեւոյթները։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 15, 2021