ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ

Աւագ ուրբաթ օրը եկեղեցւոյ կեանքին ամենէն սրբազնագոյն, նուիրական եւ միաժամանակ ամենածանր օրն է։ Այդ օրուան ընթացքին է, որ կը կատարուին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձերբակալութիւնը, չարչարանքները, խաչելութիւնը, մահն ու թաղումը։

Առաւօտեան ժամերգութիւն կը կատարուի, Աւետարաններէն ընթերցումներ կ՚ըլլան, որոնք Յիսուսի երկրաւոր կեանքի վերջին հանգրուաններու մասին կը պատմեն՝ վերջին ընթրիքը, մատնութիւնը, Գեթսեմանիի մէջ աղօթելը, ձերբակալութիւնը, Պիղատոսի մօտ տարուիլը, Պետրոսի ուրացումը, չարչարանքները, խաչը ուսին Գողգոթա բարձրանալը, խաչելութիւնը, արեգակին խաւարումը, երկրաշարժը, տաճարին վարագոյրին կէսէն բաժնուիլը, մահն ու թաղումը։

Աւագ ուրբաթ օր կարելի չէ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցել, որովհետեւ Քրիստոս Ի՛նք, պատարագուեցաւ խաչին վրայ։

Երեկոյեան Ժամերգութիւն կը կատարուի, որ խորհրդանիշն է Քրիստոսի թաղումին։

Իսկ Շնորհք Արք. Գալուստեան կը գրէ. «Աւագ ուրբաթը Աստուծոյ անսահման սիրոյ եւ մարդոց անյատակ ապերախտութեան գերագոյն փաստն է։

ՕՐԸ՝

Յիսուսի Մատնութեան եւ մարդ արարածի վատութեան։

Քրիստոսի Չարչարանքներուն եւ մարդ արարածի չարութեան։

Անմեղին դատապարտութեան, մեղաւորին՝ փրկութեան։

Անոր Խաչելութեան, մեր՝ ազատագրումին։

Անմահին մահանալուն, մահկանացուին՝ անմահութեան։

Լոյսի թաղումին, խաւարեալներու՝ յարութեան» (Շնորհք Արք. Գալուստեան, «Աւագ շաբաթ», Թեհրան 2005, էջ 202)։

Եկեղեցւոյ Հայրերէն՝ Թէոփիլոս Տէր Յիսուսի գերեմզմանին մասին այսպէս կը գրէ.

«Գերեզման՝ եւ Կենդանիին բնակարան։

Գերեզման՝ եւ դժոխքը աւերող։

Գերեզման՝ եւ սգաւորներուն մխիթարութիւն։

Գերեզման՝ եւ ուրախացողներուն տաճար։

Գերեզման՝ եւ երկնաւոր հարսանիքի հաւաքավայր։

Գերեզման՝ եւ զարդարուած առագաստ։

Գերեզման՝ եւ արդարութեան արեգակին արեւմուտք։

Գերեզման՝ եւ անմուտ Լոյսին արեւելք։

Գերեզման՝ եւ անծայրածիր երկինք։

Գերեզման՝ եւ անվայրափակ հաստատութիւն։

Գերեզման՝ եւ անմատոյց Լոյսի բնակարան։

Գերեզման՝ եւ նորոգող աշխարհի։

Գերեզման՝ եւ մեղաւորներու քաւարան։

Գերեզման՝ եւ արդարներու հանգստարան։

Գերեզման՝ եւ հրեշտակներու բնակարան։

Գերեզման՝ եւ ծաղկաւէտ բուրաստան։

Գերեզման՝ եւ ծաղկազարդ դրախտ։

Գերեզման՝ եւ Եդեմէն աւելի պայծառ։

Գերեզման՝ եւ երկինքէն աւելի բարձր»։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2022