ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ 180-ԱՄԵԱԿ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեայ յոբելեանը երէկ նշուեցաւ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններով, որոնք մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացան Վոսփորի ասիական ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրին մօտ։ Հարկ է նշել, որ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան արարողութիւնները անցեալ շաբաթ յետաձգուած էին ընտրութիւններուն պատճառով։ Երէկուան արարողութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Պերճ Սրկ. Քաջ, Արման Սրկ. Պուլտուքեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կէտիկփաշայի Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի եւ երգեհոնահարութեամբ Հերման Փորթագալեանի։ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, նոյնպէս Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ։ Բացօթեայ հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան։ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած սեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ անմիջական մթնոլորտ։ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Արտայայտուեցան Պերճ Քաջ, Եդուարդ Այվազեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Զուարթնոց երգչախումբի անդամներն ալ ներկայացուցին քանի մը խմբերգներ։
Բոլորը հրաժեշտ առնելէ առաջ բարեմաղթանքներ յղեցին, որպէսզի վառ մնայ այս եկեղեցւոյ կանթեղը։
Եկեղեցական
- 11/27/2024