ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ
Կը տեղեկանանք, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան ներկայիս դարձեալ կ՚այցելէ քաղաքս։ Ըստ անպաշտօն աղբիւրներէ մեզի հասած լուրերուն, իրեն կ՚ընկերանայ Սրբոց Յակոբեանց վանքի կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան։
Ներկայ շաբթուան սկիզբէն ի վեր պատրիարքը կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ։ Ան կ՚իջեւանի Օրթագիւղի պանդոկներէն մէկուն մէջ, իսկ իր ընկերակիցը՝ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան՝ Պատրիարքարանէն ներս։ Հիւր պատրիարքին կեցութեան ընթացքին կ՚ուղեկցի Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։
Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան արդէն հերթական առեղծուածային այցելութիւններէն մին կու տայ Իսթանպուլ։ Նախորդ անգամներուն ան ընդհանրապէս կը նախընտրէր իջեւանիլ Էլմատաղի «Տիվան» պանդոկին մէջ։ Ըստ երեւոյթին, քաղաքի կեդրոնին աչքէ հեռու մնալ չյաջողած Նուրհան Պատրիարքը այս անգամ նախընտրած է փոխել իր իջեւանման վայրը։
Նոյնպէս մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններով, Նուրհան Պատրիարքին իր ինքնաշարժը տրամադրած է մեր ազգայիններէն մին։ Իջեւանելու համար պատրիարքին Օրթագիւղ թաղամասը նախընտրած ըլլալն ալ կը համարուի բաւական ուշագրաւ։ Արդարեւ, նոյն թաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին այցելած էր ան վերջին անգամ եւ այդ այցելութիւնը դարձած էր բաւական աղմկարար, որովհետեւ պնդումներ շրջանառութեան մէջ մտած էին, թէ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդը պիտի օժանդակէ Երուսաղէմի վանքին։ Մեր համայնքի միջոցները արտասահման օժանդակութիւն ուղարկելու համար օգտագործելու վերաբերեալ այս լսումները անհանգստութիւն եւ ընդվզում յառաջացուցած էին համայնքի զանազան շրջանակներուն մօտ։ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդը նոյնպէս աղմկարար բողոքի յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած էր այդ շրջանին։ Բայց եւ այնպէս, այդ յայտարարութեան մէջ չէր յստակեցուած, որ այդպիսի օժանդակութիւն մը կը կատարուի՞, թէ ոչ։ Մեր այդ շրջանի հրապարակումներուն հերքումը կամ պարզաբանումն ալ նախընտրելի չէր նկատուած Օրթագիւղի թաղային խորհուրդին կողմէ։
Հիմա այդ բոլորէն վերջ արդէն հերթական անգամ Նուրհան Պատրիարք եկած է քաղաքս։
Այս այցելութիւնները ընդհանրապէս կը հիմնաւորուին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Թուրքիոյ մէջ գտնուող երբեմնի կալուածներուն վերաբերեալ նիւթերով։ Ծանօթ է, որ Պատրիարքարանը այդ կալուածներուն սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակով աշխատանք կը տանի՝ համաձայնած ըլլալով փաստաբանական գրասենեակի մը հետ։ Իբր թէ պատրիարքը այս այցելութիւններուն ժամանակ կը հետապնդէ այդ թղթածրարները։
Միւս կողմէ, ըստ մեզի հասած նոյնպէս անպաշտօն տեղեկութիւններուն, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներն ալ լուրջ անհանգստութիւն կ՚ապրին Նուրհան Պատրիարքի գործունէութեան հետեւանքով։ Պատրիարքը եւ Կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան բացարձակապէս թափանցիկ չեն գործեր կալուածներու վերաբերեալ խնդիրներուն շուրջ։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը միաբանութեան անդամները տեղեակ կը պահուին եղեր Պատրիարքութեան Թուրքիոյ կալուածներուն վերաբերեալ իրադարձութիւններէն, սակայն շուրջ մէկուկէս տարիէ ի վեր անոնք այլեւս լրիւ անտեղեակ են այս իրադարձութիւններէն։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը այս շրջանին կը դիմագրաւէ նաեւ ուրիշ մարտահրաւէր մը։ Մանկապղծութեան վերաբերեալ պնդումներ յառաջ քշուած են նախկին ժառանգաւոր սանի մը կողմէ։ Բնականաբար միանշանակ ձեւով կարելի չէ հաւատք ընծայել այդ պնդումներուն, որոնց կապակցութեամբ Պատրիարքարանէն ներս սկսած է քննութիւն։ Բայց եւ այնպէս, այդ քննութիւնը արդէն տրամաբանական ժամկէտներէ դուրս եկած է եւ տպաւորութիւնը այն է, որ Նուրհան Պատրիարք կը ձգձգէ այդ գործընթացը։ Զարմանալի է, որ Հայ Եկեղեցւոյ արդի պատմութեան ամենահեղինակազրկուած ու մեկուսացած այս եկեղեցականը մեր համայնքի կարգ մը անգիտակից շրջանակներուն կողմէ կ՚արժանանայ նման ընդունելութեան՝ ինքնաշարժներու տրամադրումով հանդերձ։
Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Նուրհան Պատրիարք եւ Պարէտ Ծ. Վրդ. վաղը կամ միւս օր հրաժեշտ պիտի առնեն քաղաքէս։