Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։ Արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Բազմաթիւ ուխտաւորներ հաղորդուեցան՝ մինչ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան՝ նոյնպէս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ։ Բացօթեայ հաւաքոյթի եզրափակիչ փուլին Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնութեան խօսք մը արտասանեց։
Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2024