ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՍԿՈՅՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ցաւով արձագանգեց «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պատահած պայթումին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցականին մէջ նշած է հետեւեալը.

«Սրտի խոր ցաւով կը հետեւինք «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումի ողբերգական հետեւանքներուն։ Ի խորոց սրտի կ՚աղօթենք զոհերու հոգիներու խաղաղութեան ու հանգստութեան համար։ Սուրբ Հոգւոյ սփոփանքն ու մխիթարութիւնը կը հայցենք անոնց ընտանիքներուն եւ հարազատներուն։ Այլեւ կ՚աղօթենք բոլոր վիրաւորներու արագ ապաքինման համար՝ մաղթելով Տիրոջ խնամքն ու զօրակցութիւնը։ Թող Բարձրեալն Աստուած օգնական եւ պահապան ըլլայ մեր երկրին եւ ժողովուրդին»։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2022