ԽԱ­ՉԸ՝ ՆՇԱՆ ՅԱՂ­ԹՈՒ­ԹԵԱՆ

Խաչվերացի տաղաւարին հասած ենք արդէն։ Մեր եկեղեցական օրացոյցին համաձայն կը տօնենք Սուրբ Խաչին ընծայուած տօներէն մեծագոյնը, յիշելով Է. դարուն պատահած կարեւոր դէպք մը, որ է Խաչափայտին ազատագրումը Պարսկական գերութենէն։ Կը յիշենք քրիստոնեայ ժողովուրդներու կեանքէն ներս տիրած խանդավառութիւնը։ Կը յիշենք ազատագրեալ Խաչափայտով կատարուած մեծ անդաստանը քրիստոնեայ ժողովուրդներու բնագաւառներուն մէջ։ Կը յիշենք, թէ այս անդաստանին ականատես հաւատացեալ ժողովուրդներ ինչպէ՜ս վերանորոգուած էին հաւատքով, յոյսով եւ սիրով։ Կը յիշենք, թէ անոնք ինչպէ՜ս վճռակամութեամբ ուժգնօրէն փարած էին այն ճշմարտութեան, ըստ որում իրենց կեանքը քրիստոնէական հաւատքի ուխտագնացութիւն մըն էր։ Ազատագրեալ Խաչափայտին բարձրացումը առիթ ընծայած էր, որ հաւատացեալներ իրենց հաւատքի աչքերը յառէին դէպի բարձունքներ՝ զօրացած տրամադրութեամբ։ Այդ բոլորը իրականացած էր, որովհետեւ Սուրբ Խաչը յաղթութեան նշան էր քրիստոնեայ հաւատացեալին համար։

Խաչվերացի տօնակատարութիւնը կը հանդիպի աշնանամուտի մերձաւոր օրերուն։ Աշունը տարբեր գեղեցկութիւն մը ունի։ Բնութեան մէջ կը սկսի տիրել դեղինը իր զանազան երանգաւորումներով, որուն անխուսափելիօրէն կը յաջորդէ տերեւաթափը։ Սակայն բոլորս ալ գիտենք, թէ աշնան եղանակին տերեւազրկուած ծառերը գարնան կը տերեւազարդուին ու մենք զմեզ դարձեալ կը գտնենք դալարագեղ բնութեան գեղեցկութեան մէջ։ Աշնան եղանակին բնութիւնը կերպով մը ըստ երեւոյթի կը պարտուի, սակայն բնութեան վերազարթնումին հետ միասին այս ժամանակաւոր պարտութիւնը կը փոխակերպուի յաղթանակի։ Քրիստոնեայ ժողովուրդներ ալ հոգեւոր առումով աշնան եղանակը ապրեցան երբ իրենց մեծագոյն սրբութիւնը գերի տարուեցաւ։ Սակայն Սուրբ Խաչի ներկայութենէն զրկուած հաւաքականութեանց հաւատքն ու նախանձախնդրութիւնը եկաւ յեղաշրջել ընկճուած ըլլալու տրամադրութիւնը եւ մղուած միասնական պայքարի իբր արդիւնք հաւատացեալ ժողովուրդներ դարձեալ Խաչազարդուեցան, այս անգամ տօնելով վերստին Սուրբ Խաչին տիրանալու յաղթանակը։

Խաչը եւ մանաւանդ Խաչի խորհուրդը անբաժան է յաղթանակ բառէն։ Որովհետեւ Խաչի վրայ իրականացած է մարդկային պատմութեան մեծագոյն յաղթանակը։ Յաղթանակ՝ որ շահուած է ընդդէմ Սատանայի։ Յաղթանակ մը, որ արդիւնքն է Աստուծոյ անսահման սիրոյն առ մեղաւոր մարդկութիւն։ Յաղթանակ մը, որով մահապատիժի գործադրութեան այդ առարկան, դարձած է պարծանքի նշան բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին անոր վրայ մատուցուած անկրկնելի Սուրբ Պատարագի փրկարար զօրութեան։ Յաղթանակ մը, որուն վրայ թափուած Սուրբ Արեան միջոցաւ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ գոյացած մեղքի վարագոյրը միանգամընդմիշտ վերացաւ։

Ծանօթ է բոլորիս, որ պատերազմի մէջ պարտուած հրամանատարներ սպիտակ դրօշ պարզելով յաղթական կողմին կը յայտնեն անձնատուր ըլլալու իրենց կամքը։ Մեղաւոր մարդը պարտուած մըն էր, բայց ոչ թէ պատերազմի մէջ, այլ Սատանայի սադրանքին հետեւած ըլլալուն պատճառաւ։ Սատանայէն յաղթուած մարդը իր ձեռքը ոչինչ ունէր։ Սակայն Աստուծոյ Միածին Որդիին, Խաչափայտին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագը, անապական թաղումը եւ Սուրբ Յարութիւնը, մեղքի եւ մանաւանդ «մեղքի վարձքին՝ մահուան» (Հռովմայեցիս, 6.23) դէմ տարուած յաղթանակը եղաւ։ Ամենակալ, ամենակարող եւ ամենաբարին Աստուած չարին դէմ մղուած պատերազմին մէջ յաղթական ելաւ իր ամենայաղթ զօրութեամբ։ Սուրբ Կիպրիանոս Հայրապետ իր աղօթամատեանին մէջ կը թուէ Աստուծոյ բազմաթիւ ստորոգելիները։ Այս ստորոգելիներու կարգին Աստուծոյ, չարին դէմ յաղթանակը տարած ըլլալը կը բնութագրուի մէկ բառով միայն, որ է «չարայաղթ»։ Այս ստորոգելիներու կարգին կայ նաեւ «Փառազօր» բառը, որ կը շեշտէ Աստուծոյ փառաւոր եւ հզօր, հզօրութեամբ փառաւորուած ըլլալու հանգամանքը։ «Չարայաղթ» եւ «Փառազօր» Աստուած, մարդկութեան կը ներկայանայ Խաչի նշանով տարուած յաղթանակին զօրութեամբ։ Երբ մարդը ոչինչ ունի մեղքի կապանքներէն ազատագրուելու համար, Աստուած, անկեալին կու տայ հոգեւոր զէնք մը. Խաչի նշանը եւ Խաչելութեան Խորհուրդի սրբարար զօրութիւնը։ Ասոր փոխարէն մեղաւոր մարդէն կը սպասէ մէկ բան միայն. անձնատուր ըլլալ յաղթանակով պսակուած Աստուծոյ փրկագործ ծրագրին, հաւատքով, յոյսով եւ սիրով։ Այս մեծագոյն շնորհը «կ՚ազատէ մեղքէն, ծառայ կը դարձնէ Աստուծոյ, կարելիութիւն կ՚ընծայէ որ սրբութեան պտուղներ տրուին եւ կ՚առաջնորդէ դէպի յաւիտենական կեանք» (Հռովմայեցիս, 6.21-22)։ Այդ շնորհքը ստանալու համար պէտք է Աստուծոյ առջեւ պարզել սպիտակ դրօշը, որ է հաւատք՝ Աստուծոյ Միածին Որդին որպէս Փրկիչ աշխարհի ընդունելու, նաեւ տրամադրութիւն չարութեան եւ մեղքի դէմ Քրիստոսով պայքարելու։

Բառարաններ մեզի կը սորվեցնեն, թէ «Փայտ» բառը մեր ոսկեղնիկ գրաբարի մէջ ունի երկու իմաստ. ծառի պինդ նիւթը, փայտանիւթ, նաեւ ծառ եւ տունկ։ Սուրբ Խաչին մէջ այս երկու իմաստները միացած են եւ նիւթեղէն փայտը վերածուած է կեանքի ծառին, որուն պտուղը մեր կեանքի աւիշն է։ Սահակ Ձորափորեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Է. դարուն հեղինակած Խաչի նուիրուած շարականներէն միոյն մէջ կը գրէ. «Փայտ կենաց, որ փոխանակ մահացու պտղոյն զՔրիստոս պտղաբերեցեր…։ Քեւ բացաւ մեզ ճանապարհ ծառոյն կենաց ի սրովբէափակ պահպանութենէն…»։ Շարականագիր Հայրապետը «Խաչը՝ կը ներկայացնէ որպէս Կեանքի Ծառ, որ պտղաբերած է մահասփիւռ պտուղը փոխարինող Քրիստոսը»։ Նաեւ անդրադառնալով եդեմական պարտէզէն մեր նախածնողքին արտաքսումէն յետոյ Աստուծոյ դրած արգելքին (Ծննդոց, 3.22-24), կը յիշեցնէ, թէ «փակուած ու սերովբէներու պահպանութեան յանձնուած կեանքի ծառին ճանապարհը բացուած է Խաչին շնորհիւ»։

Յիշենք, թէ Քրիստոս ամենայն խոնարհութեամբ Խաչի ծանրութեան տակ քալեց դէպի Գողգոթա, մեր փրկութեան համար Իր կեանքը տալու։ Այս ճշմարտութիւնը ոմանց համար, մանաւանդ աշխարհիկ մտածելու տրամադիր անձերու համար դժուար ըմբռնելի ըլլալ կը թուի։ Սակայն Խաչի վրայ տարուած յաղթանակը յայտնուած է այս զոհողութեամբ։ Քրիստոս անգամ մը քարոզած պահուն ունկնդիրները որակած էր «յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ» ու զանոնք հրաւիրած՝ «գալ եւ հաւաքուիլ Իր մօտ, որպէսզի հանգիստ շնորհէր անոնց» (Մատթէոս, 11.28)։ Այսօր եւս մենք կը հրաւիրուինք Քրիստոսի խաչակից դառնալու, ընկալելով՝ Խաչի խորհուրդի քաղցրութիւնը։ Յստակ է Քրիստոսի տուած հաւաստիքը թէ, աշխարհիկ հոգերու, զբաղմունքի եւ մարդկային տկարութեանց բեռան տակ ընկճուածներս, մեզ նեղող հոգեւոր ու բարոյական ծանրութենէն ձերբազատուելու համար կարիքը ունինք հանգիստի եւ այդ հանգիստը գտնելու նախապայմանն է ընդառաջել Քրիստոսի հրաւէրին, դառնալ Իրեն ու «կրել Անոր քաղցր լուծը եւ թեթեւ բեռը» (Մատթէոս, 11.29-30)։

Սողոմոն Իմաստուն կը յորդորէ արժեւորել Իմաստութիւնը եւ երանի կու տայ անոր, որ Իմաստութիւնը գտած է (Առակաց, 3.13)։ Երանի՜ անոր որ հաղորդ դարձած է Աստուածային Իմաստութեան, Մարմնացեալ Աստուծոյ Խօսքին՝ Քրիստոսի եւ Անոր միջոցաւ Սուրբ Խաչի խորհուրդին փրկարար եւ յաղթող զօրութեան։ Սողոմոն Իմաստունի բառերով՝ «այս հաղորդակցութիւնը կարելի չէ գնահատել արծաթով եւ ոսկիով եւ կամ թանկարժէք գոհարներով։ Այդ հաղորդակցութիւնը կ՚ընձեռէ հաճոյական ճանապարհորդութիւն մը, որ խաղաղութիւն կը պարգեւէ։ Եւ մանաւանդ Աստուծոյ Իմաստութեան հետ հաղորդակցութիւնը կեանքի ծառ է, որ երջանկութիւն կը պարգեւէ» (Առակաց, 3.14-18)։

Խաչվերացի տաղաւարին վստահաբար բոլորիս աղօթքն է, որ Աստուած իւրաքանչիւրիս պարգեւէ զօրաւոր հաւատք, իմաստութիւն եւ Աստուածսիրութեան ու Աստուածապաշտութեան եռանդ, որպէսզի Խաչը եւ Խաչի Խորհուրդով նոյնացած Սուրբ Եկեղեցւոյ գաղափարը անբաժանելի մասնիկները ըլլան մեր կեանքերուն։ Յովհաննէս առաքեալ կը գրէ, թէ՝ Աստուածսիրութիւնը կը յայտնուի երբ կայ Աստուծոյ Միածին Որդիին նկատմամբ սէր։ Իսկ Աստուածսիրութեան պայմանն է պահել եւ կատարել Անոր պատուիրանները, որոնք ծանր չեն։ Ու կը շարունակէ. «Ամէն բան որ ծնած է Աստուծմէ՝ կը յաղթէ աշխարհին։ Եւ այն յաղթութիւնը որ կը յաղթէ աշխարհին այս է. մեր հաւատքը։ Եւ ո՞վ է որ կը յաղթէ աշխարհին, եթէ ոչ ան՝ որ կը հաւատայ թէ Յիսուս է Աստուծոյ Որդին». (Ա. Յովհաննէս, 5.1-5)։

Այս հաւատքով զօրացած Սահակ Ձորափորեցի Հայրապետի բառերով դիմենք Սուրբ Խաչին որպէս ի խորոց սրտէ բղխած աղօթք, յիշելով՝ մեր նախահօր ազատագրումը պտղոյն ճաշակման մեղքէն, միշտ ի մտի ունենալով թէ՝ բոլոր հաւատացեալներ կ՚երկրպագեն Սուրբ Խաչին առջեւ եւ հայցելով՝ Սուրբ Խաչին պաշտպանութիւնը բոլորիս համար. «Քեւ ազատեցաւ նախահայրն ի ճաշակմանէ պտղոյն. եւ քեզ երկրպագեն ամենայն հաւատացեալք. պարսպեալ պահեա զուխտս հաւատացելոց»։ Ամէն։

ԳՐԻ­ԳՈՐ Ա­ՒԱԳ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ՏԱ­ՄԱ­ՏԵԱՆ

6 սեպտեմբեր 2018, Գնալը կղզի

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2018