ՌՈՄԱՆՕ ՓՐՈՏԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Իտալիոյ նախկին վարչապետ, Եւրոյանձնաժողովի նախկին նախագահ Ռոմանօ Փրոտի, որ այս օրերուն կը գտնուի Հայաստանի մէջ, ուր Երեւանի Պետական համալսարանին կողմէ պատուոյ տոքթորի կոչման արժանացած է, վերջին օրերուն հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Երէկ, Ռոմանօ Փրոտի օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց յայտնի քաղաքական գործիչին այցելութիւնը եւ շնորհաւորեց զինքը՝ Երեւանի Պետական համալսարանին կողմէ արժանացած կոչման բերումով։ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց, որ հայ-իտալական բարեկամութիւնը ունի դարաւոր պատմութիւն։ Իր խօսքով՝ եղբայրական յարաբերութիւններու խորացման ուղղութեամբ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցիները, որոնց ջերմ համագործակցութիւնը կը շարունակուի ցայսօր։ Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ տարածաշրջանէն ներս ստեղծուած բարդ իրավիճակին, Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմաններուն դէմ կատարուած շարունակական ոտնձգութիւններուն, ինչպէս նաեւ շրջափակման հետեւանքով Արցախէ ներս ստեղծուած մարդասիրական աղէտին։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան ներդրած ջանքերը։ Ան կարեւոր նկատեց առաւել ազդու միջոցներու գործադրումը՝ կանխելու համար Արցախի մէջ հայոց դէմ բռնաճնշումներու եւ Արցախի հայաթափման ուղղեալ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը։

Իր կարգին, Ռոմանօ Փրոտին ալ անդրադարձաւ տարածաշրջանի ընդհանուր իրադարձութիւններուն եւ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն։ Ան ի մասնաւորի կարեւորեց հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ միջազգային կառոյցներու առաւել ներգրաւուածութիւնը։

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց նաեւ Հայ կանանց միջազգային միութեան անդամուհիները։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2023