ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՆՈՐԱՕԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ շաբաթավերջին Մասիացոտնի թեմի առաջնորդանիստ Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ մէջ եւ Ստեփանակերտի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրութեան արժանացած նորաօծ քահանաները։ Վեհարանի գահասրահին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նորաօծ քահանաները ընդունեց՝ իր կողքին ունենալով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանը, Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանը եւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեանը։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնը տուաւ երիտասարդ քահանաներուն եւ անոնց մաղթեց արդիւնաւէտ սպասաւորում։

Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց քահանաները եւ անոնց ընծայեց «Մաշտոց» ծիսարաններ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2022