ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ԽՍՏԻՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՓԱԿՈՒՄԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով արձագանգեց Լաչինի միջանցքի փակման։ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ցամաքային կապի խզման հետեւանքով ստեղծուած ծանր իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը։

*

Խստօրէն կը դատապարտենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուած սադրանքը՝ բնապահպանական կեղծ պատճառաբանութիւններով Արցախը Հայաստանին կապող ճանապարհի արգելափակումը, որու հետեւանքով վտանգուած են արցախցիներու կենսական իրաւունքները՝ Արցախը մարդասիրական աղէտի դէմ յանդիման կանգնեցուած է։

Նմանօրինակ սադրիչ գործողութիւնները ուղղուած են էթնիք զտումներու իրականացման եւ հերթական անգամ ի ցոյց կը դտեն Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնը։ Ստեղծուած կացութիւնը անվիճարկելի կը դարձնէ այն իրողութիւնը, թէ արցախահայութեան անվտանգ կեանքը հնարաւոր չէ Ատրպէյճանի կազմին մէջ։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ արդէն իսկ դիմումներ յղուած են քոյր եկեղեցիներու պետերուն, միջազգային ու միջեկեղեցական կազմակերպութիւններուն՝ Ատրպէյճանի այս անմարդկային գործողութիւններուն հակազդելու եւ արցախահայութեան մարդասիրական աղէտալի իրավիճակը յաղթահարելու համար։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սպասումն է, որ միջազգային հանրութիւնը համարժէք գնահատականներ տայ մարդու իրաւունքներու իրաւական չափանիշները ոտնահարած Ատրպէյճանի սադրաքներուն, որոնք մեծապէս կը վտանգեն տարածաշրջանի փխրուն խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը։

Կը յորդորենք նաեւ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ Շէյխիւլիսլամ Ալլաքշիւքիր Փաշազատէին, մարդասիրական իր կոչման հաւատարիմ, շօշափելի եւ առարկայական քայլերու ձեռնարկել Ատրպէյճանի հրահրիչ գործողութիւնները բացառելու համար։

Կ՚աղօթենք, որ Աստուած Արցախ աշխարհը իր աջի հովանիին ներքեւ խաղաղ ու անվտանգ պահէ, մեր ժողովուրդն ալ՝ միասնական ու համախումբ։

*

Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսին, որ կ՚աւարտէ իր առաքելութիւնը։ Դեսպան Թրէյսի փութացած էր Վեհափառ Հայրապետին հրաժեշտ տալու։ Ան յառաջիկայ շրջանին պիտի սկսի պաշտօնավարել Մոսկուայի մէջ՝ որպէս ԱՄՆ-ի դեսպան։ Նորին Սրբութիւնը երէկ ամերիկացի դիւանագէտին հետ հանդիպման ժամանակ եւս արծարծեց Լաչինի միջանցքի փակման հարցը։ Իրավիճակի հանգուցալուծման առումով ան կենսական նկատեց միջազգային հանրութեան՝ մասնաւորապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու համարժէք միջոցառումները՝ Ատրպէյճանի վայրագ գործողութիւններու կասեցման համար։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2022