ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին Աւստրիոյ մէջ վախճանած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւոր, եպիսկոպոսաց դասու աւագ անդամներէն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն Տ. Մեսրոպ Արք. Գրիգորեան։ 85 տարեկան հասակին ի Տէր հանգաւ բազմավաստակ սրբազանը, որու վախճանը մեծ կորուստ մըն է Հայ Եկեղեցւոյ համար։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ամբողջ միաբանութիւնը կը սգան հոգելոյս Տ. Մեսրոպ Արք. Գրիգորեանի վախճանումը եւ կ՚աղօթեն իր հոգւոյն խաղաղութեան համար։
Աւազանի անունով Գէորգ, Տ. Մեսրոպ Արք. Գրիգորեան 1932 թուականին ծնած էր Հալէպի մէջ։ Ուսանած էր Անթիլիասի դպրեվանքէն ներս։ 1952-ին սարկաւագ ձեռնադրուած էր ձեռամբ Տ. Դերենիկ Եպսկ. Փոլատեանի։ Տարի մը վերջ նոյն սրբազանին կողմէ ձեռնադրուած էր կուսակրօն քահանայ։ Անթիլիասի դպրեվանքէն ներս դասաւանդած էր հայոց պատմութիւն, գրաբար եւ մատենագիտութիւն, միեւնոյն ժամանակ պաշտօնավարած էր որպէս գրադարանի փոխ-տնօրէն, ձեռագրատան ընդհանուր պատասխանատու եւ տպարանի տեսուչ։ 1956 թուականին վարդապետական աստիճան ստացած էր՝ ձեռամբ Տ. Խադ Արք. Աջապահեանի։
1956-57 թուականներուն, տասն այլ միաբաններու հետ կողմնորոշուած էր ի նպաստ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան։ 1959 թուականին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի մրցանակ-կրթաթոշակով Անգլիա մեկնած էր Տարհըմ համալսարանէն ներս հետեւելու արեւելագիտութեան եւ Աստուածաբանութեան դասընթացքներուն։ Նոյն տարին մեկնած էր Վիեննա եւ յաջորդած ուսման երկու տարիներուն եղած էր Վիեննայի այցելու հոգեւոր հովիւ։ 1961-ին աւարտած էր համալսարանի արեւելագիտութեան բաժինը եւ սկսած էր աշխատիլ տոքթորականի թեզին վրայ, որու նիւթն էր՝ «Հայ ժողովուրդի մասնակցութիւնը Օսմանեան հանրային կեանքին Արեւելեան Անատոլուի եւ Սուրիոյ մէջ 1860-1908 թուականներուն»։ 1962-ի տարեմուտին Վիեննայի հոգեւոր հովիւ նշանակուած էր երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։ Երկու տարի վերջ ստացած էր արեւելագիտութեան տոքթորի գիտական աստիճանը։ Նոյն տարին կազմակերպած էր Վիեննայի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ հիմնօրհնէքը։ Աշխուժօրէն գործակցած էր Կարտինալ Ֆրանց Կէօնիքի կողմէ հիմնուած «Փրօ Օրիէնթէ» կազմակերպութեան հետ։ Նոյն թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ ստացած էր ծայրագոյն վարդապետի աստիճան։ Յաջորդող տասն տարիներուն եղած էր Մայր Աթոռի պաշտօնական ներկայացուցիչը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին մօտ։ Նոյնաժամանակ հովիւի պաշտօն կատարած էր յունահայ համայնքէն ներս։ «Փրօ Օրիէնթէ»ի խորհրդարանական մարմնին հետ կազմակերպած էր հին Ուղղափառ եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ անպաշտօն երկխօսութիւն։
1979 թուականին նշանակուած էր Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի հայրապետական պատուիրակ։ 1980-ին Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին կողմէ նշանակուած էր Հայ Եկեղեցւոյ կանոնադրութեան մշակման յանձնախումբի անդամ։
21 Սեպտեմբեր 1986-ին Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի կողմէ ձեռնադրուած էր եպիսկոպոս։ Իր հետ նոյն օրը եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր նաեւ Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Մութաֆեան, այժմ՝ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեան։ 1992 թուականին, 60-ամեակին առթիւ ստացած էր արքութեան պատիւ։ 2002 թուականին, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ 70-ամեակին առթիւ պարգեւատրուած էր «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով։ Տարի մը վերջ, քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակին առթիւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ պարգեւատրուած էր «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանով։
Տ. Մեսրոպ Արք. Գրիգորեան Վիեննայի համալսարանին կողմէ արժանացած էր փրօֆէսէօրի կոչման։ Այնտեղ դասաւանդած էր Բիւզանդագիտութեան բաժնէն ներս՝ զանազան նիւթերու շուրջ. ինչպէս՝ գրաբար, «Հայ ժողովուրդի քաղաքական պատմութիւն», «Հայ միջնադարեան մատենագրութիւն» եւ այլն։
Վախճանեալ Սրբազան Հայրը հեղինակած էր շարք մը գիրքեր, առանձին ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ։ Տոքթորական աշխատանքը վերածուած էր գիրքի մը։ Գերմաներէնով լոյս ընծայած էր «Ֆրանց Վերֆէլ եւ Կոմիտաս» գիրքը։ Ուսումնասիրութիւն մըն ալ կատարած էր «Հայ Եկեղեցին» խորագրեալ։
Տ. Մեսրոպ Արք. Գրիգորեանի մահով մեզմէ կը հեռանայ Հայ Եկեղեցւոյ արդի պատմութեան հեղինակաւոր անուններէն մին, որու ծառայութիւնը ունի կարեւոր նշանակութիւն։