Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը տօնախմբէ Սրբոց Վարդանանց զօրավարներու յիշատակը։ Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցի ամենայատկանշական յիշատակումներէն մին է այս մէկը։

Աշխարհի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ, Ս. Վարդանանց տօնակատարութիւններուն զուգահեռ՝ այսօր տեղի կ՚ունենայ Հայրապետական մաղթանք։ Արդարեւ, այսօր, միեւնոյն ժամանակ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութեան տօնն է։ Հայրապետական մաղթանքներու ընթացքին առ Աստուած աղօթք կը բարձրացուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կենաց արեւշատութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան համար։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 16, 2023