«ՄԻ՛ ՈՒՏԵՐ»

Մեծ պահքի հինգերորդ օրն է:

Պահեցողութեան առաջին հրամանը կը գտնենք Ծննդոց գիրքին առաջին գլուխներուն մէջ, ուր կը ներկայացուի աշխարհի եւ մարդուն ստեղծագործութիւնը:

Ամենաբարին Աստուած աշխարհն ու մարդը արարելէ ետք, մարդուն դրաւ Եդեմի պարտէզին մէջ, տէր եւ իշխան, խնամատար ու կառավարող կարգեց զայն ամբողջ աշխարհին վրայ: Անոր, սակայն պատուէր մը տուաւ. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս» (Ծն 2.16-17):

Պատուէրը, աւելի ճիշդ հրամանը պարզ ու յստակ էր, որ մարդուն բարիքը կը հետապնդէր: Մարդը, սակայն, տարուելով իր հետաքրքրասէր ըլլալու հանգամանքէն, չդիմացաւ, որով եւ մօտենալով ծառին, առաւ անոր պտուղէն եւ կերաւ…:

Հետեւա՞նքը: Զրկուեցաւ այն երանական վիճակէն, ինչի մէջ որ էր: Այս զրկանքը սակայն, զինք չզրկեցին տէր եւ իշխան, խնամատար եւ կառավարող ըլլալու հանգամանքէն: Մարդ իր անհնազանդութեան պատճառով վտարուեցաւ դրախտէն:

Այսօրուան մարդը եւս նոյն հանգամանքը ունի, ինչ որ ունէր նախամարդը: Մարդը, սակայն, իր կոչումին գիտակցութիւնը չունի եւ փոխանակ տէր ու իշխան, խնամատար ու կառավարող ըլլայ, վերածուած է սպառողի, այսինքն՝ իր խնամքին յանձնուած աւանդը անխնայ կերպով կը սպառէ, առանց հաշիւի կը վատնէ:

Պահեցողութեան այս ժամանակաշրջանը երանի՜ օգտագործենք մեր իսկական կոչումին գիտակցելու, գիտակցելէ ետք յանձնառութիւն ունենալու կատարելու զայն, տէր եւ խնամատար ըլլալու մեզի յանձուած բնութեան, այդպիսով կարենալ կանոնաւորել այս աշխարհին խաթարուած ընթացքը:

Պահեցողութիւնը սպառողէ խնայող, խնամատար ըլլալու լաւագոյն առիթն է, երբ ֆիզիքական՝ սնունդի պահեցողութեան, կրնանք նաեւ կրթել ու դաստիարակել մեր հոգին ու միտքը, որով դրական արդիւնքի կը կարենանք հասնիլ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2024