ՖԷՐԻԳԻԻՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԵՐԷԿ ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկուան կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Մեծ պահոց շրջանի այս հերթական Կիրակիին Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ, ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։
Հաւատացեալները հոգեւոր մեծ գոհացման զգացումով ունկնդրեցին երգեցողութիւններն ու Նորին Սրբազնութեան քարոզը։
Արարողութեան աւարտին, ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզի կողմէ գլխաւորուած Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը պատուասիրութիւն մըն ալ սարքեց Նորին Սրբազնութեան եւ ներկայ հաւատացեալներուն համար։
Եկեղեցական
- 11/27/2024