ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՄԻՋԻՆՔԸ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, երէկ, Մեծ պահքի շրջանի Միջինքը նշուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Նոյն առթիւ կատարուեցաւ խաղաղական ժամերգութիւն։

Արարողութեան մասնակցեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, միաբան հայրեր, քահանայից դասը, ինչպէս նաեւ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայրերու կողմէ։

Ժամերգութեան աւարտին ծնկաչոք երգուեցաւ Տէր ողորմեա՝ աշխարհի խաղաղութեան, հիւանդներու բժշկութեան եւ մեղքերու թողութեան համար։

Նորին Ամենապատուութիւնը ունեցաւ խորհրդածութիւն մը, որու ընթացքին ընդգծեց աղօթքին կարեւորութիւնը։ Անդրադարձաւ դէպի աղէտի գօտի կատարած հովուապետական այցելութեան եւ յիշեցուց, թէ մարդիկ կը կրեն ահաւոր երկրաշարժի  ծանր հետեւանքները ու մաղթեց, որ մարդկութիւնը հեռու մնայ այդպիսի աւերմունքներէ։ Թելադրեց աղօթել տառապեալներու մխիթարութեան համար։ Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց, թէ մանաւանդ այսպիսի աւերումներ ապրուած օրերուն մարդոց սրտերը կը բացուին եւ առաւել եւս պէտք է աղօթել, որպէսզի այդ սրտերուն մէջ տեղ գրաւէ այն գաղափարը, թէ Աստուած մեծ է եւ կարող է նախախնամել բոլորս։

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական աղօթքով։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, տեղւոյն թաղային խորհուրդը «Յարութիւն ամիրա Պէզճեան» սրահին մէջ Նորին Ամենապատուութեան եւ հոգեւոր հայրերու համար սարքեց պահքի սիրոյ սեղան մը։ Սեղանի վրայ Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյց ունեցաւ հոգեւոր հայրերու եւ սեղանակից հաւատացեալներու հետ։ Կարեւորեց երիտասարդներու եւ մանուկներու ուղղեալ արարողութեանց կատարումը, նաեւ թելադրեց, թէ նկատի պէտք է ունենալ մեր ժողովուրդի այն լայն հատուածը, որ աշխատանքային կամ ուսման հետեւելու պատճառներով կարելիութիւն չեն ունենար մասնակցելու Մեծ պահոց արարողութեանց։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց տեղւոյն թաղային խորհուրդին եւ տիկնանց յանձնախումբին եւ մաղթեց, որ Աստուած կարողութիւն տայ արժեւորելու Մեծ պահոց մնացեալ կէսը եւ հասնելու՝ Քրիստոսի Ս. Յարութեան տաղաւարին։

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2023