ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն, նաեւ քննարկուեցան Հայաստանի առջեւ ծառացած արտաքին մարտահրաւէրներն ու երկրին ներքին քաղաքական կացութիւնը։ Առանձնապէս կարեւորուեցաւ Արցախէն բռնի տեղահանուածներու ընկերային խնդիրներու լուծման ուղղեալ ծրագրերու շարունակականութիւնը։ Արցախահայութեան իրաւունքներու հետեւողական պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնն ալ ընդգծուեցաւ նոյն ամբողջին մէջ։

Վեհափառ Հայրապետը եւ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան կանգ առին Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու առաւել զարգացման եւ ազգային միասնականութեան ամրապնդման հրամայականին վրայ՝ ի շահ համազգային խնդիրներու յաղթահարման եւ հայոց պետութեան հզօրացման։

Հարկ է նշել, որ ՀՅԴ-ի ղեկավարութիւնը վերջին շրջանին սերտ շփման մէջ է Ամենայ Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հետ՝ թէ՛ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութիւններով եւ թէ այլ զանազան հարթակներու վրայ ներկայութեամբ։ ՀՅԴ Հայաստանի մէջ մաս կը կազմէ այն ընդդիմադիր ճակատին, որ հետամուտ է իշխանափոխութիւն ապահովելու՝ ժողովրդական ընդվզման հրահրումով։

Երեքշաբթի, Յուլիս 16, 2024