ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՑ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։ Ս. Գայիանէի վանքին մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Պալթեան երկիրներու հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեանի։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ, թեմակալ առաջնորդներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ մասնակցեցան աւանդական տօնակատարութիւններուն։

Օրուան քարոզին մէջ Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան անդրադարձաւ Սրբոց Վարդանանց տօնի խորհուրդին՝ մասնաւորապէս նշելով. «Աւարայրի ճակատամարտը մեր ազգի լինելութեան պայքարն էր։ Ս. Վարդանանց պատերազմը հաւատքի ընտրութեան պատերազմն էր։ Ընտրեցինք հաւատքի ճամբան եւ այդ հաւատքը մեզի միշտ օգնեց։ Բազմաթիւ անգամներ մեզ չարչարեցին, Գողգոթայի ճամբով տարբեր փորձութիւններու ենթարկեցին, մեզ խաչեցին, սակայն յաւիտենական կեանքի զօրագլուխ Քրիստոսը ընտրած ըլլալով՝ մենք յաղթեցինք, յառնեցինք, վերստին կեանքի կոչուեցանք, պայքարելու մեր ոգին նորոգեցինք եւ դարձեալ կանգնեցանք չարի կողմէ փորձութիւններուն դէմ»։

Նորին սրբազնութիւնը նշեց, որ այսօր ալ փորձութիւններու ճանապարհը կը շարունակուի եւ այսօր ալ Վարդանանց պատերազմի ոգեշնչող պատգամը կը հնչէ՝ յիշեցնելով յանուն հաւատքի կատարուած ընտրութիւնը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք, որուն հանդիսապետեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Եկեղեցական դասն ու ժողովուրդը միասնաբար աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի անուանակոչութեան օրուան առթիւ։ Բոլորը բարեխօսութիւն հայցեցին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անսասանութեան, շէնացման եւ Վեհափառ Հայրապետի կենաց արեւշատութեան ու արգասաբեր հովուապետութեան համար։

Ուրբաթ, Փետրուար 17, 2023