ՂԱԼԱԹԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ

Երէկ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան աւանդական տօնակատարութիւններ՝ Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ։ Ս. Պատարագին նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ շեշտեց, թէ Վարդանանց պատերազմը հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ կրօնի պահպանման համար մեծ պայքար մը եղած էր։ «Այս տօնը հայ ժողովուրդին համար ազգային տօն է», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը։

Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան կամաւոր դպիրներու կողմէ։ Ս. Պատարագի ընթացքին օրուան պատգամը տալով՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շեշտեց, որ Վարդանանց ոգին կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն հայոց կեանքէն ներս։ Արդարեւ, առանց Սահակ-Պարթեւ Հայրապետի, Ղեւոնդ երէցներու եւ Վարդանանց զօրավարներու կարելի չէր երեւակայել պատմական այդ պատերազմը, որ մղուեցաւ հսկայ պետութեան մը բանակին դէմ։ «Արդիւնքը եղաւ մարմնաւոր պարտութիւն, սակայն հոգեւոր յաղթութիւն», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը։

Ս. Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի անուանակոչութեան առթիւ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, սրբազան հայրը, հոգեւոր հայրերը, դպիրները եւ հաւատացեալները պատուասիրուեցան Ղալաթիոյ խնամակալութեան կողմէ, որ սարքած էր աւանդական ճաշասեղան մը։

Ուրբաթ, Փետրուար 17, 2023