«ԻՆՁՄԷ ԶԱՏ ՈՒՐԻՇ ԱՍՏՈՒԱԾ ՉԿԱՅ»

Պահեցողութեան առաջին օրը «Ես եմ» խորագրով խորհդածութիւն մը կատարած էի, ուր խօսած էի, թէ պէտք է «մեր "ես..."ը հպատակեցնել "Ես..."ին առաջ, որը կատարեալ ազատութիւն է: Այս հպատակութիւնը տարբեր է սովորական հպատակութիւններէն, որովհետեւ այս հպատակութեամբ մենք կեանք կ՚ունենանք եւ կատարեալ ազատութիւն»:

Արդարեւ արդէն 18 օրեր անցած են պահեցողութեան ճանապարհորդութեան սկզիբէն: Եւ այսօր, Ամենակալն Աստուած Եսայի մարգարէին միջոցով կու գայ յիշեցնելու մեզի այն յաւիտենական ճշմարտութիւնը, թէ՝ «Ինձմէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ, Ինձմէ ուրիշ ճշմարիտ Աստուած ու Փրկիչ չկայ» (Ես 45.21): Որքանո՞վ արդեօք անցնող օրերուն կարողացանք այս ճշմարտութեան մօտենալ: Որքանո՞վ արդեօք յաջողեցանք մեր «ես...»ի գերութենէն ազատագրուիլ: Որքանո՞վ արդեօք յաջողեցանք կամաւոր կերպով եւ սիրով հպատակիլ «Ես...»ին, որ Կեանք է ու Փրկութիւն: Որքանո՞վ արդեօք յաջողեցանք դաստիարակել մեր մարմինները այն ճշմարտութեամբ, թէ Միակն ու Մէկը միայն Աստուած Ինք է եւ Ա՛ն է որ պէտք է թագաւորէ մեր հոգիներուն ու մարմիններուն վրայ: Աւելին, որքանո՞վ արդեօք յաջողեցանք մեր մեծամտութիւնն ու սին փառքը մէկ կողմ դնել, անցնելու համար զԱստուած փառաբանելու ու մեծարելու: Հարցադրումներ են, որոնց պատասխանները մեզմէ իւրաքանչիւրը ինք պէտք է տայ:

Սակայն, եթէ մինչեւ այսօր չենք յաջողած ատոնցմէ որեւէ մէկը իրագործել, այսօրուընէ իսկ աշխատինք, որպէսզի մինչեւ ճանապարհորդութեան աւարտը յաջողած ըլլանք ձեռք բերել ատոնք: Իսկ այդ բոլորին հիմքը եւ մեկնակէտը այն է, ճանչնալ, գիտակցիլ, ըմբռնել եւ հաւատալ սա բացարձակ ճշմարտութեան, թէ՝ «Ինձմէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ, Ինձմէ ուրիշ ճշմարիտ Աստուած ու Փրկիչ չկայ»: Եթէ յաջողինք այս ճշմարտութիւնը ընդունիլ եւ զայն թագաւորեցնել մեր հոգիներուն վրայ, մնացեալը հերթաբար իրենց տեղը կը գտնեն եւ ճանապարհորդութիւնն ալ յաջողութեամբ կ՚աւարտի, ո՛չ միայն յաջողութեամբ, այլեւ՝ ուրախութեամբ եւ զանազան բարիքներով:

Տասնութերորդ օրուան մարտահրաւէր. դաստիարակել մեր մարմինն ու հոգին ընդունելու սա բացարձակ ճշմարտութիւնը, թէ՝ «Ինձմէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ, Ինձմէ ուրիշ ճշմարիտ Աստուած ու Փրկիչ չկայ» (Ես 45.21):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2022