ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանէ ներս Եւրոմիութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթերը։ Ողջունելով եւրոպացի հիւրը, Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ այս հանդիպումը պատեհ առիթ մըն է ծանօթանալու ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան առջեւ դրուած խնդիրներուն։ Ան մտահոգութիւն յայտնեց առկայ լարուածութեան եւ սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչներու անվտանգութեան առընչութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններն ու առաջադրած պահանջները նոր անվտանգային մարտահրաւէրներու առջեւ կը կանգնեցնեն Հայաստանը, նաեւ կը վտանգեն խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ բանակցային գործընթացը։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց այն բոլոր ջանքերը, որոնք առկայ դժուարին իրավիճակին մէջ բարեկամ երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու աջակցութեամբ կ՚ուղղուին ի նպաստ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան վերականգնման։

Իր կարգին, Մարքուս Ռիթերն ալ տեղեկութիւններ փոխանցեց դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան եւ սահմանային իրավիճակին շուրջ։ Ան վստահեցուց, թէ ԵՄ-ի առաքելութեան կողմէ հնարաւորը ի գործ կը դրուի՝ նպաստելու համար սահմանային լարուածութեան նուազեցման եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններէն ներս կայունութեան հաստատման։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2024