ՊԱՏԳԱՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՐԾԱՐԾՈՒՄ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօներուն առթիւ երէկ տեղի ունեցաւ քահանայից հաւաք մը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի զանազան թեմերէն 231 եկեղեցականներ, թեմակալ առաջնորդներ եւ միաբաններ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց քահանայից հաւաքին, որ ամէն տարի տեղի կ՚ունենայ այս շրջանին։

Արմաւիրի թեմի, Էջմիածին քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Համազասպ Քհնյ. Հաէգեանի։

Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցականաց դասը անցաւ Մայրավանք, ուր Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ պարգեւաբաշխութիւն։ Հաւաքի սկիզբին ներկաները ողջունեց Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աւանդական շնորհաբաշխութիւնը, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքին առարկայ դարձուց հովիւներու ծառայութիւնները։ Պարգեւատրման աւարտին Նորին Սրբութիւնը հոգեւորականաց դասուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ բոլորը շնորհաւորեց Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօներուն առթիւ։ Ան շեշտեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած տարեկան այս հաւաքները առիթ կը հանդիսանան դարերու խորքէն մեզի փոխանցուած պատգամներու վերարծարծման եւ հոգեւորականներու տիրաւանդ առաքելութեան ճանապարհին Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց ոգիով ու հայրենասիրութեամբ զօրացման տեսակէտէ։

«Մեծապէս կարեւոր է մարդկանց սրտերուն հոգեւոր-բարոյական արժէքներու սերմանումը, ազգային ոգիի եւ հայրենասիրութեան զօրացումը, քանզի բոլորիս համար մտահոգիչ արատաւոր երեւոյթներ եւ շատ հարցեր, հիմնականին մէջ, հետեւանքն են արժէքային դաշտի մէջ արձանագրուած նահանջի, աւանդական ընկալումներու տկարացման։ Կրթական զանազան ծրագրերով, նաեւ արդի արհեստագիտութիւններու ընձեռած հնարաւորութիւններով պէտք է զօրացնենք քարոզչութիւնը՝ ամրապնդելու հաւատքը, յոյսը եւ սէրը մեր ժողովուրդի՝ Աստուածաշունչի ուսուցմամբ եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ամբողջական ճանաչմամբ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2023