ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութեանց եւ Արեւագալի ժամերգութեան։

Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ եւ դպիրներ։ Ապա, ըստ աւանդութեան, կատարուեցաւ կիրակնօրեայ Արեւագալ: Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։

Յաւարտ արարողութեան, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին սարքուեցաւ պահքի սեղան։

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024