Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՆԱՓՈԼԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապի յիշատակութեան առթիւ, շաբաթավերջին, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Ս. Պատարագ մատոյց Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Ս. Գրիգոր հայ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան ներկայ էին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ուքրայնայի եւ Լեհաստանի թեմակալ առաջնորդ Տ. Մարկոս Եպսկ. Յովհաննիսեան, Լեհաստանի Հայոց հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Աբեղայ Հախվերտեան եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան զանազան երկիրներէն հոգեւոր սպասաւորներ։

Լեհաստանէն, Պելժիայէն եւ Իտալիոյ զանազան քաղաքներէն հայ ուխտաւորներ Նափոլի այցելեցին մասնակցելու համար սոյն պատմական ու հոյակերտ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին՝ մանաւանդ, որ այնտեղ ամփոփուած են նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքները, որոնք ուխտաւորներու երկրպագութեան համար բացուած էին։

Ս. Պատարագին մասնակցեցաւ Նափոլիի վիճակաւորի փոխանորդը՝ Քայեթանօ Քասթելլօ Եպիսկոպոսը, որ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ արարողութեան ընթացքին։

Հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ կաթողիկէ եպիսկոպոսը արարողութեան ընթացքին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին փոխանցեց՝ վանքի նշխարներու պահոցէն դուրս բերուած՝ Հայոց Սուրբի բանտարկութեան երկաթեայ անուրը (շղթայի օղակը) եւ անոնք տեղադրուեցան եկեղեցւոյ խորանին վրայ։ Կաթողիկէ բարձրաստիճան հոգեւորականի ողջոյնի խօսքին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան փոխադարձեց նոյնպէս իտալերէն պատգամով մը։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ վանքի բակին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան տեղւոյն միանձնուհիներու մեծաւոր մայր Ճիովաննիին նուիրեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ս. Աստուածածնի եւ Մանկան փայտէ սրբապատկերը։ Մայրապետն ալ նորին սրբազնութեան փոխանցեց փոքր մասնատուփ-մետայլ մը, որու մէջ զետեղուած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքի բեկորը։

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024