ՆՈՐԱՕԾ Տ. ԹԷՈԴՈՐՈՍ ԵՊՍԿ. ԶԱՔԱՐԵԱՆ ԵՒ Տ. ԿՈՐԻՒՆ ԵՊՍԿ. ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԵՑԱՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՍՐԲՈՑ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ եպիսկոպոս ձեռնադրուած Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները վերադարձան Սուրբ Քաղաք։ Նորաօծ եպիսկոպոսները մեծ խանդավառութեամբ ու աւանդական շուքով դիմաւորուեցան հայոց վանքէն ներս։ Թէ՛ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները եւ թէ սաղիմահայ հաւատացեալները ջերմ վերաբերմունքի առարկայ դարձուցին նորաօծ եպիսկոպոսները։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանն ալ հայրաբար ողջունեց երիտասարդ սրբազանները, որոնց տուաւ իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքը։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան տնօրէն ժողովի ատենապետ Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան եւ կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան երէկ առաւօտ Երուսաղէմի մէջ Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարը մուտք գործեցին Հրաշափառի հանդիսաւոր արարողութեամբ։ Ներկայ էր լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան, որ արարողութեան վերջաւորութեան ողջունեց նորաօծ եպիսկոպոսները։ «Սա մեծ նշան մըն էր, թէ Աստուած տակաւին մեր նկատմամբ իր սէրը չէ պակսեցուցած։ Ընտանիքի մը յաջողութիւնն ու յարատեւութիւնը կը կայանայ նոր սերունդներ հասցնելու մէջ։ Մեր գոյութիւնը, Սրբատեղեաց պահպանութիւնը, Սուրբ Աթոռոյս յարատեւութիւնը մեզմէ յետոյ շարունակելու համար սերունդներ պէտք է հասցնենք։ Մեծապէս ուրախ ենք, սրտանց կը շնորհաւորենք մեր երկու եպիսկոպոսները ու կը մաղթենք ուժ, կարողութիւն, որպէսզի նոյն հաւատքով, նոյն նուիրումով շարունակեն իրենց ծառայութիւնը մեր եկեղեցիին եւ անոր միջոցաւ մեր ազգին ու մեր հայրենիքին, ինչպէս նաեւ նոր սերունդներ հասցնեն, որպէսզի իրենցմէ յետոյ ալ մնանք յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն», ըսաւ լուսարարապետ սրբազանը։

Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանէն վերջ, Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը։ «Անկախ եկեղեցական աստիճանի բարձրացումէն, մենք Աստուծոյ ծառաներ ենք։ Մեր վանքը, մեր պատրիարքութիւնը մեծ մարմին մըն է եւ իւրաքանչիւրը այդ վանքին մէջ իր պատուաւոր տեղը ունի։ Կարեւոր է, որ մարմինը առողջ ըլլայ, հաստատ ըլլայ եւ իւրաքանչիւր անդամ իր տեղը գիտնայ եւ գիտակցութեամբ, հաւատքով, նուիրումով իրեն տրուած պատասխանատուութիւնը կատարէ։ Մեր կեանքին մէջ դուք՝ բոլորդ, ձեր կարեւոր տեղն ունիք ու մենք կը յաջողինք այն ժամանակ, երբ դուք մեզի աջակից ըլլաք, զօրակից ըլլաք եւ ձեր աղօթքներով, ձեր ներկայութեամբ ամբողջացնէք այն մեծ առաքելութիւնը, այն մեծ կոչումը, որ դրուած է հայ հոգեւորականին վրայ, Սուրբ Երկրի մէջ։ Այս դժուար ժամանակներուն թէ՛ Սուրբ Երկրի մէջ, թէ՛ Հայաստան աշխարհին մէջ եւ թէ մեր Աթոռին մէջ կան տագնապներ, որոնք կրնանք յաղթահարել, այս փորձութիւններէն պատուով դուրս գալ միայն միասնական ուժերով», ըսաւ նորաօծ սրբազանը։

Հրաշափառի արարողութենէն վերջ դարձեալ կազմուեցաւ թափօրը, որով Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան եւ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան առաջնորդուեցան դէպի Պատրիարքարան՝ ուղեկցութեամբ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանի։ Անոնք գահասրահին մէջ դիմաւորուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Լուսարարապետ սրբազանի աղօթքէն վերջ միաբանութիւնն ու սաղիմահայ հաւատացեալները աջահամբոյրի եւ շնորհաւորութեան համար մօտեցան նորաօծ սրբազաններուն։ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ անոնց նուիրեց եպիսկոպոսական ականակուռ մատանիներ եւ պանակէներ։

Հուսկ, սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան եւ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան բոլորին կողմէ շրջապատուեցան բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2023