ՊԵԼԺԻՈՅ ԿԵՐԱՐՏՍՊԵՐԿԵՆ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔ

Արեւմտեան Եւրոպայէն ներս նոր համայնքներու ձեւաւորման գործընթացը կը շարունակուի՝ վերջին տարիներուն՝ մասնաւորապէս Պելժիոյ եւ Հոլանտայի մէջ հաստատուած հայերու վերակազմակերպումով։ Այսպէս, Պելժիայէն ներս, Կերարտսպերկենի եւ շրջակայքի հայութիւնը արդէն նոր համայնք մը ստեղծած է։ Շաբաթավերջին Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այց մը տուաւ այս նորահաստատ համայնքին, ուր ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Նորին Սրբազնութեան ընկերացան Պրիւքսելէն Տ. Զատիկ Վարդապետ Աւետիքեան եւ Լիէժի հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, որ մատոյց Ս. Պատարագը։ Նորաստեղծ համայնքի աշխարհական գործիչներն ալ ջերմօրէն դիմաւորեցին Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը՝ գլխաւորութեամբ Գոչար Կարապետեանի եւ Վիգէն Յովսէփեանի։ Նորին Սրբազնութիւնը Ս. Պատարագի ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի դեսպանատունէն եւ շրջանի տեղական ինքնակառավարման մարմիններէ ներկայացուցիչներ։ Կրօնական արարողութիւններէն վերջ տեղի ունեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը՝ ի նշանաւորումն նոր համայնքի ստեղծման։

Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի տնօրինութեամբ՝ այս նոր համայնքին համար հովիւ նշանակուած է Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, որ Լիէժէն ամիսը երկու անգամ պիտի այցելէ Կերարտսպերկեն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2023