ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ երէկ առաւօտ տեղի ունեցաւ յուզումնախառն արարողութիւն մը, որուն հանդիսապետեց Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան։ Հաւատացեալներու կոկիկ բազմութեան մը ներկայութեամբ պատարագեց Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան՝ իր կողքին ունենալով Հայկարամ Քհնյ.  Չեքիճն ու Յակոբ Սրկ. Մինասեանը։ Ս. Պատարագի յաջորդած հոգեհանգստեան պաշտօնին ժամանակ ոգեկոչուեցան վերջին օրերուն Գամիշլիի մէջ, Սուրիա, ահաբեկիչներու կողմէ սպաննուած Կաթողիկէ Հայոց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հոգելոյս Յովսէփ Քհնյ. Պետոյեանն ու հայրը՝ Աբրահամ Պետոյեանը։ Իր քարոզին մէջ Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան կանգ առաւ նահատակութեան խորհուրդին վրայ։

Միւս կողմէ, Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, երէկ Իսթանպուլի մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ալ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ նահատակեալ հոգեւորականին եւ իր հօր հոգւոցն ի հանգիստ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2019