ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՎԵՑ ՆՈՐ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Պատարագիչն էր Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան։ Այս վերջինը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ երէկ պատարագեց՝ իր  քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեակի եւ եպիսկոպոսական օծման 20-ամեակի կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ։ Պատարագիչ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան միեւնոյն ժամանակ կատարեց նորաօծ քահանաներու ձեռնադրութիւնը։

Օրուան քարոզին մէջ պատարագիչ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան խօսեցաւ հովիւի կերպարին մասին՝ պատգամելով երիտասարդ քահանաներուն ըլլալ օրինապահ, ճշդախօս եւ արդարադատ, խորագէտ եւ սկզբունքային, խաղաղասէր եւ համբերող, ներողամիտ ու հանդուրժող, ողորմած ու եղբայրասէր։

Նորընծայ քահանաները քառասնօրեայ ապաշխարութեան իրենց շրջանը պիտի բոլորեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ապաշխարութեան շրջանի աւարտին անոնք Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ ծառայութեան պիտի կոչուին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զանազան  թեմերուն կամ կառոյցներուն մէջ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2017