ՈՒԻԼԻԸՄ ՓԱՐՔԸՐ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ

Արեւելք-Արեւմուտք միջազգային կաճառի նախագահ ու գործադիր տնօրէն Ուիլիըմ Փարքըր երէկ այցելեց Երեւան, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ Օրուան տեւողութեան Ուիլիըմ Փարքըր այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր տեսակցեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան Ուիլիըմ Փարքըրին հետ անդրադարձաւ այս միջազգային կաճառի ծրագրերու իրականացման հնարաւորութիւններուն։ Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային զարգացումներու եւ խնդիրներու շուրջ։

Վեհափառ Հայրապետն ալ Ուիլիըմ Փարքըրի հետ զրուցելու ընթացքին անդրադարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ ծանր իրավիճակին եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն։ Նորին Սրբութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց քրիստոնեայ համայնքներու նուազման առընչութեամբ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ու անոր խաղաղ կարգաւորման ի նպաստ Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն, նաեւ շարք մը տարածքաշրջանային խնդիրներուն։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց միջազգային հանրութեան կողմէ ձեռնարկուած ջանքերը՝ յանուն մարդկութեան խաղաղ ու բարօր կեանքի կերտման։

Հարկ է նշել, որ Արեւելք-Արեւմուտք կաճառը միջազգային հեղինակաւոր think tank-ի կազմակերպութիւն մըն է։ Կեդրոնը կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ։ Ան հանդէս կու գայ զանազան նախաձեռնութիւններով՝ մասնաւորապէս համացանցային անվտանգութեան, կանխարգելիչ դիւանագիտութեան, տնտեսութեան եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան բնագաւառներուն մէջ։ Այս կաճառի գործունէութեան կիզակէտին կը գտնուին նաեւ արդի մարտահրաւէրներն ու անոնց լուծման վերաբերեալ խնդիրները։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2019