ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՄԱՍՈՒՆՔԱԿԻՐ ԽԱՉՈՎ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ
Շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի մասունքակիր խաչը հաւատացեալները համախմբեց հոգեւոր հրճուանքի պայմաններով։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, հոգեւորականաց ծանրաշուք թափօրը շարականներու երգեցողութեան ներքեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցին վերաբերեց Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի մասունքակիր խաչը՝ հաւատացեալներու հոգեւոր մխիթարութեան եւ երկրպագութեան համար։ Նորին Սրբութեան հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Օրհնութեան կարգ, որու աւարտին ան սրբազան մասունքներով օրհնեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Սուրբի մասունքը եկեղեցւոյ մէջ մնաց մինչեւ օրուան աւարտը։
Երանաշնորհ հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին առթիւ այս մասունքարանը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ընծայաբերուած է Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ կողմէ։