ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։ Կը հաղորդուի, որ անոնք քննարկեցին Արցախի երկրորդ պատերազմի հետեւանքներու յաղթահարման ուղղեալ քայլերը եւ տեղւոյն հայութեան առջեւ ծառացած առկայ մարտահրաւէրները։ Այս առումով կարեւորուեցաւ համազգային ներուժի եւ ջանքերու մէկտեղումը՝ ի զօրակցութիւն Արցախի ժողովուրդի։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ներկայ պայմաններով արցախահայութեան՝ մասնաւորապէս զոհուած, գերեվարուած, կորսուածներու ընտանիքներու հոգեւոր խնամքին եւ աջակցութեան ուղղեալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած ծրագրերուն։ Այս կապակցութեամբ Արայիկ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան՝ պատերազմի ընթացքին եւ յետպատերազմեան շրջանին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ անոր աշխարհասփիւռ թեմերու ցուցաբերած զօրակցութեան համար։

Վեհափառ Հայրապետը եւ Արայիկ Յարութիւնեան արծարծեցին նաեւ Արցախի՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս պատմամշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան պահպանութեան, անոնց դէմ ոտնձգութիւններու եւ վայրագութիւններու կասեցման ուղղեալ քայլերը, որոնք կը ձեռնարկուին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ։

Հարկ է նշել, որ շաբաթավերջին Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակները ընկերային ցանցերու վրայ բուռն քննադատութեան ենթարկեցին Վեհափառ Հայրապետը՝ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ ունեցած հանդիպման բերումով։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 19, 2021