ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԵՂԱՆԱԿԻ ՎԵՐՋԻՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ այս ամրան շրջանը եզրափակուեցաւ։ Եղանակի վերջին Ս. Պատարագը զուգադիպեցաւ Խաչվերացի տօնին։ Տաղաւարի  Ս. Պատարագը մատոյց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին նաեւ Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր գործակից ընկերները։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ թաղային խորհուրդի սենեակին մէջ համախմբուեցան վարչութեան ու Ներսէսեան դպրաց դասու անդամները։ Ներկայ էր նաեւ ԱՔ կուսակցութեան կղզեաց մասնաճիւղի ղեկավար Սինա Շէն։

Այս առթիւ անմիջական մթնոլորտի մէջ բարեմաղթութիւններ փոխանակուեցան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2023