ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ADOBE-Ի ՂԵԿԱՎԱՐԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց՝ տեղեկատուութեան թեքնոլոժիներու ոլորտէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մրցանակին արժանացած դափնեկիրները։ Այս տարի այս բնագաւառէն ներս համաշխարհային ներդրման համար մրցանակի արժանացած է «Adobe» աշխարհահռչակ ընկերութեան նախագահ ու գլխաւոր գործադիր տնօրէն Շանթանաու Նարայէնը, որուն հետ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց Նորին Սրբութիւնը։ Նարայէն Վեհափառ Հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ ընդգծեց, որ մեծ պատիւ կը համարէ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեդրոնէն ներս գտնուիլը։ Վեհարանի տեսակցութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեան եւ գործադիր տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեան։
Միւս կողմէ, Երեւանի մէջ Նարայէն ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։
Եկեղեցական
- 01/16/2025
- 01/16/2025