Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՀԵՏ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջին երկու օրերուն այցելեց Լիւքսեմպուրկի Մեծ դքսութիւն։ Նորին սրբազնութեան ընկերացաւ Հոլանտայի եւ Լիւքսեմպուրկի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Պալայեան։ Սրբազանը եւ դեսպանը տեսակցեցան տեղւոյն հայ համայնքի կարգ մը ներկայացուցիչներուն հետ։

Երէկ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ դեսպան Պալայեան հիւրընկալուեցան Լիւքսեմպուրկի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդարանին մէջ։ Այսպէս, անոնք ընդունուեցան Լիւքսեմպուրկի արքեպիսկոպոսին՝ կարտինալ Ժան-Քլոտ Խոլերիխի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Լիւքսեմպուրկի կաթողիկէ եկեղեցիներէն մէկուն մէջ հայկական խաչքարի մը զետեղման վերաբերեալ հարցեր։ Նորին սրբազնութիւնը կարտինալին փոխանցեց նաեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ողջոյններն ու Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին այցելելու հրաւէրը։

Կարտինալ Խոլերիխ 2018 թուականէն ի վեր կը նախագահէ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու Կաթոլիկ եպիսկոպոսներու ժողովին։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան հանդիպման ընթացքին իր նկատառման յանձնեց Եւրոպայի Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու եպիսկոպոսաց խորհուրդին մասին, որ ստեղծուած է վերջերս։

Ջերմ ու բարեկամական մթնոլորտի մէջ ընթացած զրոյցի աւարտին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան կարտինալին նուիրեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն տարուած սրբապատկեր մը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2022