ԱՄՆ-Ի ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Քրիստինա Քըվինը։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ իր շնորհաւորութիւններն ու արդիւնաւոր առաքելութեան մաղթանքները յղեց նորանշանակ դեսպանին։ Ան, ի դէմս դեսպանին, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն՝ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին համար ցուցաբերուած զօրակցութեան եւ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն համար։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած անվտանգային հիմնախնդիրներուն, Ատրպէյճանի ծաւալապաշտ նկրտումներուն, անոր կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւման՝ յոյս յայտնելով, թէ Ուաշինկթըն գործօն քայլերու կը ձեռնարկէ Պաքուի նմանօրինակ քաղաքականութիւնը զսպելու եւ Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու համար։ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս ընդգծեց գերեվարուած հայորդիներու ազատ արձակման կարեւորութիւնը։

Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրները, սրբավայրերու պղծման եւ ոչնչացման փաստագրուած դէպքերը։ Իր կարգին, դեսպան Քրիստինա Քըվին Նորին Սրբութեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղթանքներուն համար։ Ան վստահեցուց, թէ ԱՄՆ եւ անձամբ ինք պիտի շարունակեն ջանքեր գործադրել տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2023