ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ՝ ԱՂՕԹՔԻ ՀԱՆՃԱՐԸ
Ապրիլի 12-ին Հռոմի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կայացած եւ 1915-ի զոհերու յիշատակին նուիրուած Պատարագին ընթացքին, Ֆրանսիսքոս Պապը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Տիեզերական Վարդապետ կամ ուսուցիչ։ Նահատակութեան ու սրբութեան նման աղերսումը պատահական չէր։ Հայերը նահատակ ժողովուրդ են եւ շատ թանկ գին վճարած են յանուն սրբութեան եւ ճշմարտութեան։ Եւ ահաւասիկ մահուան մարտիրոսութեան հոգիով յաղթած եւ մոխիրներէ յարութիւն առած ժողովուրդը մարդկութեան նուիրած է իր ամենէն մեծ սուրբերէն մէկը։
Իրադարձութիւնը պատմական էր. Նարեկացիի սրբութիւնը, բարեխօսութիւնը եւ ժառանգութիւնը դարձան հոգեւոր կրթութեան եւ կեանքի վերափոխման աղբիւր՝ կաթողիկէ աշխարհին համար: Ասով ոչ թէ պատիւ ընծայուեցաւ Նարեկացիին, որ արդէն պատիւի արժանացած է Աստուծոյ կողմէ եւ մարդոց պատիւի կարիքը չունի, այլ Նարեկացիի տիեզերական սրբութիւնը շատերուն համար դարձաւ կենդանի իրականութիւն եւ ուսուցում, օրհնութեան ու լուսաւորութեան աղբիւր: Մարդկութիւնը մեծ հնարաւորութիւն ստացաւ սորվելու հազարամեայ սուրբէն եւ առաջնորդուելու անոր գրութիւններով։
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիէն մեզի հասած գրաւոր ժառանգութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ անոր «Մատեանը», որ գրուած է շուրջ 1000 թուականին եւ ապրած մօտ հազար տարի՝ հանդիսանալով հայ ժողովուրդի հոգեկեցութեան եւ ինքնութեան կարեւորագոյն արտայայտութիւններէն մէկը: Գիրքը գրուած է, -ինչպէս կը ծանուցանէ ներածական-յիշատակարանը- բազմաթիւ եղբայրներու, անապատականներու, ճըգ-նաւորներու խնդրանքով կամ պատուէրով: Այս առումով «Մատեանը» բիւրեղացումն է ճգնաւորական-հայեցողական կեանքի խտացման, բազմաթիւ մարդոց կատարելիութեան փնտռտուքներու եւ այդ ժամանակաշրջանի հոգեւոր իտէալներու: Գիրքը նկատուած է իբրեւ հրաշագործ եւ բժշկարար զօրութեան տէր, հետեւաբար անոր հետ կապ-ւած են մարդկային կեանքի զարմանալի վերափոխումներու բազմաթիւ պատմութիւններ: Սուրբ Գիրքէն ետք ան կը համարուի ամենէն մեծ սրբութիւնը հայերու համար։
«Մատեանը» աստուածաբանական-խորհրդական ստուար բովանդակութիւն ունեցող աղօթագիրք մըն է: Ան մեզի կը ներկայացնէ Աստուծմէ հեռացած մարդոց կեանքի ողբերգութիւնը եւ խոր ապաշխարութեան միջոցաւ Աստուծոյ միանալու ճամբան: Մարդու ազատագրումը եւ Աստուծոյ հետ միաւորումը գիրքի հիմնական թեմաներն են: Ասիկա թերեւս աղօթքի ոլորտին մէջ գրուած ամենէն հանճարեղ ստեղծագործութիւնն է: Ան միակողմանի դիմում մը չէ Աստուծոյ, այլ երկխօսութիւն երկնաւոր Հօր հետ, որ անսահմանօրէն կը սիրէ իր զաւակները: Գիրքին մէջ կը քակուին պահպանողական եւ քարացած բոլոր պատկերացում-պատնէշները, որոնք կը սահմանեն մարդ արարածի վերջին օրուան վիճակը, մեղաւորութիւնը, ոչնչութիւնը եւ անսահման Աստուծոյ դիմելու՝ անոնցմէ բխող սահմանափակութիւնները: «Նարեկը» Աստուծոյ հետ զրոյցի զարմանալի ազատութիւն մըն է։
Աղօթքը մարդու հոգիի ամենէն բնական վիճակն է: Ինչպէս մարմինը ֆիզիքապէս չի կրնար ապրիլ առանց թթուածինի, այնպէս ալ անոր հոգին՝ առանց աղօթքի: Աղօթքը հոգիի շնչառութիւնն է: Կ՚աղօթեն բոլորը՝ անկախ անկէ, թէ իրենք կը գիտակցին անոր, թէ ոչ։ Ինչպէս բոյսերը ուղղուած են դէպի լոյսը, այնպէս ալ մարդկային հոգիները ուղղուած են դէպի երկնայինը: Ըստ էութեան, իւրաքանչիւր իմաստալից խօսք աղօթք մըն է: Երբ մենք կ՚ըսենք բան մը եւ կը հաւատանք որ մեր ըսածը իմաստ մը ունի եւ ի վերջոյ այդ իմաստն ալ կապուած է վերին իմաստի մը հետ, ապա մենք այդ խօսքի խորհրդանիշին մէջ կը ներառենք աղօթքի տարրը։ Բուն աղօթքը հաղորդակցութեան բարձրագոյն դրսեւորումն է, երբ կը մաքրուին իմաստները, բառային տարածքները եւ կը կայանայ մաքուր հաղորդութիւնը իմաստի աղբիւրին հետ: Մարդու խօսելու կարողութիւնը, այս առումով, սրբազնագործութիւն մըն է, որով կը մարմնաւորուին միտքերը, կը ձեւաւորուի անձեւը… Աստուծոյ Որդին մեզի կը ներկայանայ խօսքի խորհրդանիշին մէջ՝ ցոյց տալով խօսքի բարձրագոյն բնոյթը արարչագործութեան մէջ. «Եւ Բանը Աստուած էր…. Եւ Բանը մարմին եղաւ….»։
Գիրքը կը ցնցէ մարդը ու կը ցուցնէ աղօթքի եւ ի վերջոյ հոգեւորի նշանակութիւնը մարդկային կեանքին մէջ: Առանց հոգեւորի գիտակցութեան՝ մարդկային կեանքը կը վերածուի ամենէն մեծ աղէտի եւ անհեթեթութեան։ Մարդիկ յաճախ ասիկա կը զգան, սակայն չեն գիտեր, թէ լուծումը հարթութեան մէջ է։ Նարեկացիի Մատեանը՝ իբրեւ մարդկային ողբերգութեան խորագոյն պատկերը, կարելիութիւն կ՚ընձեռէ մեզի մեր կատարելիութեան վերընթացը սկսելու մեր էութեան խորքէն՝ վերացնելով մեր կեանքի խաթարումներու խորք ունեցող պատճառները, եւ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութիւնը փնտռելու ոչ թէ հեռաւոր անորոշութեան մշուշին, այլ մեր մէջ՝ մեր ներքին տաճարին մէջ: Ի՞նչպէս. աղօթքո՛վ: Ըստ Ս. Գրիգորի՝ աղօթքը սիրտի ներքին զոհասեղանի վրայ մատուցուող բանական պատարագն է, որ պէտք է մատուցուի մեր հոգիի պարարտութեամբ եւ զօրութեամբ: Մեր զոհաբերութիւնը ընդունելի կ՚ըլլայ այն ատեն, եթէ ան անկեղծ ու ամբողջական ըլլայ: Մենք պէտք է կատարելապէս զմեզ ընծայաբերենք Աստուծոյ: Իսկ երբ Աստուած կ՚ընդունի մեզ, այն ատեն մենք Անոր կը պատկանինք: Աղօթքի զոհաբերութեամբ մենք կը դառնանք իրապէս Մարդ` Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ։
Նարեկացիի հասցէին հնչած են մեղադրանքներ: Պատճառներէն առաջինը թերեւս այն է, որ կանոնագիտական եւ դաւանաբանական մեղադրանքներ եղած են անոր հօր՝ Խոսրով Անձեւացիի եւ ուսուցչին՝ Անանիա Նարեկացիի նկատմամբ, որոնք եղած են Ժ. դարու հայ աստուածաբանական մտածումի ամենէն լուսաւոր դէմքերը: Միւս պատճառը, ըստ երեւոյթին, եղած է Նարեկացիի ենթադրեալ հոգեւոր կապերը կամ յարգալից վերաբերումը այդ օրերու նշանաւոր այլադաւան հոգեւորականներուն հետ: Երրորդ եւ հիմնական պատճառը եղած է՝ անոր ստեղծագործութեան իւրայատուկ ազատութիւնը, որ կը սասանէր եկեղեցական միջավայրին մէջ բուն դրած պահպանողական կաշկանդումներու հիմքերը։
Գիրքին նկատմամբ ամէն տեղ նոյն վերաբերումը չէ ցուցաբերուած: Ան դիւրընկալելի չէ եւ մարդ արարածէն կը պահանջէ մեծ ճիգ մը: Կարդացուած է վանական միջավայրի մէջ` սահմանելով հոգեւոր ձգտումներու եւ ներքին արուեստի բարձրագոյն չափանիշներ: Աշխարհիկ շրջանակներու մէջ մարդիկ յաճախ առանց ընթերցելու տառացիօրէն հաւատացած են անոր զանազան զօրութիւններուն` երբեմն յայտնաբերելով ակնյայտ կռապաշտութեան եւ մոգութեան տարրեր: Շուրջ հազար տարի հայ ժողովուրդը այս գիրքին հետ ուղղակի կամ անուղղակի իւրայատուկ երկխօսութեան մէջ եղած է` վերածելով զայն հոգեւոր ինքնութեան իտէալի մը: Երկրաւոր իրողութեան տառապանքներու մէջ գտնուող ժողովուրդը իր ինքնութեան աղբիւրը սկսած է տեսնել հոգեղէն ոլորտի մէջ: Այսօր գիրքին խորքը ներթափանցելու համար կան քաղաքակրթական դժուարութիւններ, քանի որ հոգեւոր փնտռտուքի եւ կատարելութեան իտէալը գերիշխող չէ: Սակայն ան չի դադրիր հայ ժողովուրդին համար առանցքային դեր ունենալէ։
Գիրքին մէջ չի գործածուիր «Հայաստան» կամ «հայ» բառը: Հեղինակը կ՚ըսէ, թէ ստեղծագործութեան բնոյթը անանձնական է, ան ամբողջ աշխարհի բոլոր փնտռող մարդոց հաւաքական ձայնն է` ուղղուած առ Աստուած: Միւս կողմէ` ան նաեւ կ՚ըսէ թէ ստեղծագործութեան հեղինակը ոչ թէ ինք է, այլ Աստուած, այսինքն` գիրքը մարդկային փնտռտուքներու աստուածային արձագանգն է: Եւ այդ արձագանգը լսելի է: Հեղինակը նաեւ կը մարգարէանայ, նկատի ունենալով որ այդ գիրքով մարդիկ աշխարհի տարբեր ծագերէն պիտի դիմեն Աստծոյ: Այսօր այդ կը կատարուի. գիրքը կը թարգմանուի բազմաթիւ լեզուներու` հանդիսանալով համամարդկային սեփականութիւն: Հարցը լաւ թէ գէշ թարգմանութեան կապուած չէ, քանի որ ըսուածի աշխարհայնացումը կը յաղթահարէ այդ թերութիւնը եւ լեզուամշակութային պատնէշները: Այսօր ալ աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ այս գիրքը զարմանալի բացայայտումներու եւ վերափոխումներու աղբիւր կը հանդիսանայ։
Անկասկած, Հռոմի Եկեղեցւոյ կողմէ Նարեկացիի վարդապետ հռչակումը առիթ կը հանդիսանայ «Մատեանի» նոր թարգմանութիւններու, ուսումնասիրութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու: Այդ ամէնը իր հետ պիտի բերէ մարդկային աղաւաղումներ: Նարեկացիի ճոխութիւնը երբեմն կը շեղեցնէ հոգեւոր անորոշութիւններու մէջ թափառողները: Այո՛, «Մատեանը» թէ՛ նշանաւոր խօսք է, թէ՛ մտածողութիւն, թէ՛ աստուածաբանութիւն, թէ՛փիլիսոփայութիւն, եւայլն։ Բայց պէտք է յիշել, որ այդ ամէնը զօրաւոր հոգեւոր ապրումի արդիւնք է։ Պէտք է Տաճար մուտք գործել դուռէն։ Տաճար թափանցելու մնացեալ ճամբաները պարսաւելի են: Այս գիրք-տաճարի դուռը աղօթքն է: Այդպէս կը պնդէ հեղինակը: Մարդկութիւնը կարելիութիւն կ՚ունենայ այս կենդանի աղօթագիրքով առաջնորդուելու: Սակայն նախ մենք` այս «Մատեանը» պահպանողներս եւ փայփայողներս, կարիք ունինք իրապէս բանալու այս գիրքը եւ Աստծոյ հետ խօսելու:
ՄԵՍՐՈՊ ՔԱՀԱՆԱՅ ԱՐԱՄԵԱՆ
Եկեղեցական
- 11/27/2024