ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՀԲԸՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ան­ցեալ Կի­րա­կի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նը։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ Պերճ Սեդ­րա­կեան գո­հու­նա­կու­թեամբ անդ­րա­դար­ձան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի եւ ՀԲԸՄ-ի ար­դիւ­նա­շատ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։ Քննար­կե­լով հա­մա­տեղ ձեռ­նար­կուած կրթա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ծրագ­րե­րու ըն­թաց­քը՝ ա­նոնք նա­խան­շե­ցին հե­տա­գայ ը­նե­լիք­նե­րը։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը եւ Պերճ Սեդ­րա­կեան մաս­նա­ւո­րա­պէս կա­րե­ւո­րե­ցին ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­յե­ցի եւ քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու նոր սե­րուն­դի կրթու­թեան ուղ­ղեալ ծրագ­րե­րը։ Սեդ­րա­կեան Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ներ­կա­յա­ցուց ՀԲԸՄ-ի կող­մէ Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ Սփիւռ­քի զա­նա­զան հա­մայնք­նե­րէն ներս աշ­խա­տանք­նե­րը։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը այս կա­պակ­ցու­թեամբ իր գնա­հա­տան­քը փո­խան­ցեց ՀԲԸՄ-ին՝ ազ­գօ­գուտ եւ հայ­րե­նա­նուէր գոր­ծու­նէու­թեան եւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թեան ի նպաստ զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան խոր մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նուե­ցաւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րու առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին հե­տե­ւան­քով հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու ար­տա­գաղ­թի ա­ռըն­չու­թեամբ։ Յատ­կա­պէս խօ­սուե­ցաւ Սու­րիոյ հայ հա­մայն­քի եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ հաս­տա­տուած սու­րիա­հայ ըն­տա­նիք­նե­րուն հա­մար Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի եւ ՀԲԸՄ-ի կող­մէ օ­ժան­դա­կու­թեան եւ այս ուղ­ղու­թեամբ հե­տա­գայ քայ­լե­րուն շուրջ։ Նոյն հար­ցին շուրջ ընդգ­ծուե­ցաւ, որ սու­րիա­հա­յու­թեան ցոյց տրուած զօ­րակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կա­կան պի­տի ըլ­լայ։ Կա­րե­ւո­րուե­ցաւ պե­տա­կան, հա­սա­րա­կա­կան եւ ազ­գա­յին բա­րե­սի­րա­կան բո­լոր կա­ռոյց­նե­րու ու­ժե­րու հա­մախմ­բումն ու հա­մա­կար­գուած աշ­խա­տան­քը։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետն ու ՀԲԸՄ-ի նա­խա­գա­հը անդ­րա­դար­ձան ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի եւ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ այլ հար­ցե­րու։

Տե­սակ­ցու­թե­նէն վերջ Պերճ Սեդ­րեա­կեան Մայր տա­ճա­րին մէջ ներ­կայ գտնուե­ցաւ կի­րակ­նօ­րեայ Սուրբ Պա­տա­րա­գին։

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2017