ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս միջոցէ մը ի վեր գործել սկսած է «Զուարթնոց» մշակութային նորաստեղծ յանձնախումբը՝ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեան ներքեւ։ Այս յանձնախումբը վերջերս ձեռնամուխ եղած է հանրօգուտ դասախօսութիւններու շարքի մը կազմակերպման՝ «Հայ դիւանագէտը իր հայրենիքին ծառայելու առաքելութեան մէջ» անուանումով։ Այս շարքի առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ վերջին օրերուն։ Ատենախօսն էր Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի նախկին հիւպատոս Արմէն Պայպուրթեան, որ ունի նաեւ դեսպանի դիւանագիտական կոչում։

Հաւաքոյթի սկիզբին «Զուարթնոց»ի ատենապետ տքթ. Սիմոն Սիմոնեան եւ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով։

Արմէն Պայպուրթեան հաւաքոյթի ընթացքին կանգ առաւ մասնաւորապէս Հարաւային Կովկասի վրայ՝ խորհրդածութիւններ ընելով Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերեալ հրատապ իրադարձութիւններուն շուրջ։

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2022